ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Արցախի ճակատին վրայ շաբաթավերջին չորս հայ զինուոր նահատակուեցաւ՝ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով:
Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը տեսակցին ալիեւի հետ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն «Պաքու կը փորձէ առաւելութեան հասնելու պատրանք ստեղծել առաջնագծի վրայ, ինչ որ դատապարտուած է ձախողման»:
Յառաջիկայ Սեպտեմբերի Հայաստան-Սփիւռք վեցերորդ համաժողովին ընդառաջ:
Պէյրութի «Հայկազեան» հայագիտական համալսարանէն ներս շահեկան ու ծաւալուն գիտաժողով մը:
Արցախի ճակատին վրայ երէկ նահատակուեցաւ երեք հայ զինուոր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի շփման գծին վրայ, տեղական ժամով շուրջ 18.05-ին պատահեցաւ դէպքը։ Ատրպէյճանի զօրքերը հերթական անգամ խախտեցին հրադադարը՝ կրակելով հաստոցաւոր հակահրասայլային նռնականետերու միջոցաւ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը երէկ հիւրընկալեց «Կազփրոմ» ընկերութեան ղեկավարը:
9-16 Յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային 14-րդ շարժանկարի փառատօնը:
ԵՄ-ի ընդլայնման եւ հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատարի Պաքու այցը:
Լոնտոնաբնակ հէքեաթագրի ստեղծագործութիւններու շնորհանդէսը՝ Սփիւռքի նախարարութենէն ներս:
Զուիցերացի արուեստագէտ Թերեզէ Վեպերի «Թուղթ-ձեռք եւ ոգի. պատումներ արուեստի մէջ» խորագրեալ անհատական ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ: Մինչ ցուցահանդէսի բացումը միջոցառման մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ խօսեցան Թերեզէ Վեպեր եւ ցուցահանդէսի կազմակերպիչները: