ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԷՋ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱԵՐԿԱՐ ZIP LINE-Ը
Աշխարհի ամենաերկար zip line-ը Հայաստանի Ենոքաւանի «Yell Extreme Park»ի մէջ շահագործման պիտի յանձնուի այս ամառ: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է «Yell Extreme Park» նախագծի հեղինակ, համահիմնադիր Տիգրան Չիբուխճեան:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները ուղիներ կ՚որոնեն վստահութեան ամրապնդման համար:
Հայաստան-Իտալիա նորաստեղծ միջկառավարական յանձնաժողովի նիստը պսակուեցաւ յաջողութեամբ:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս այցելեց Արժանթին։ Բացի տեղւոյն հայութեան հետ բազմակողմանի շփումներ ունենալէ, Պուէնոս Այրէսի մէջ ան տեսակցեցաւ Արժանթինի Մարդու իրաւանց ու մշակութային բազմազանութեան պետական քարտուղար Քլաուտիօ Աւրուխի հետ։
Թոմ Քաթինան այն բժիշկն է, որ Նիւ Եորք քաղաքի հանգիստ պայմանները թողլով կը մեկնէր Սուտան, մարդասիրական առաքելութիւն մը իրականացնելու համար: Ամերիկացի բժիշկը իր աշխատանքը կը ծաւալէր «Մայր գթութեան» անունը կրող հիւանդանոցին մէջ, որ կը պարփակէ անկողին եւ որ միակն է շրջանին մէջ:
Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Միսս ԱՊՀ» գեղեցկութեան միջազգային մրցոյթը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 18-25 տարեկան 24 գեղեցկուհիներ մասնակցեցան այս մրցոյթին։