«ՄԻՍՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹԸ ՆՈՐ ԳԵՂԵՑԿՈՒՀԻՆԵՐ ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ
«Միսս Հայաստան» գեղեցկութեան համահայկական մրցոյթը տեղի կ՚ունենայ Սեպտեմբերի 15-ին։ Մասնակցութեան համար կը նախընտրուին 17-26 տարեկան 20-25 գեղեցկուհի։
«Միսս Հայաստան» գեղեցկութեան համահայկական մրցոյթը տեղի կ՚ունենայ Սեպտեմբերի 15-ին։ Մասնակցութեան համար կը նախընտրուին 17-26 տարեկան 20-25 գեղեցկուհի։
Այս առաւօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովին նստաշրջանը՝ Վեհափառ Հայրեպետին բարձր նախագահութեամբ:
Օրակարգի վրայ կը գտնուին Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարման նախապատրաստութիւնները եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներու կազմին վերանորոգումը:
Անգարայի եւ Պերլինի ղեկավարութիւնները չկրցան յաջողիլ միջին եզր մը գտնել՝ յաղթահարելու համար առկայ տարակարծութիւնները:
Թուրքիա առայժմ յարմար չի դատեր գերման խորհրդարանականներուն այցելութիւնը՝ Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը: Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ տեսակցեցաւ Սիկմար Կապրիէլի հետ, սակայն վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ ջնջեց իր հանդիպումը հիւր նախարարին հետ: Կառավարութիւնը միշտ կը շեշտադրէ իր անտեսուած զգայնութիւնները:

Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնեց, որ Ռուսաստանի հետ պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս համաձայնութեան ծիրէն ներս Ս-400 հրթիռային համակարգերու նիւթը թեւակոխած է եզրափակիչ փուլը եւ հիմա կարգը եկած է ռազմաօդանաւերուն։ Ըստ իրեն, Թուրքիա Ռուսաստանի հետ համագործակցութիւն կը ծաւալէ պաշտպանութեան ոլորտէն ներս, Սուրիոյ առաջնահերթութեամբ։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Յունական Կիպրոս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան այս առթիւ ընդունուեցաւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անաստասիատիսի կողմէ։
Լվովի հայկական թեմի հիմնադրութեան 650-ամեայ յոբալեանին ձօնուած յատկանշական ձեռնարկ մը:
Մատենադարանի երդիքին տակ ներկայացուեցան՝ Լեհաստանի զանազան քաղաքներուն մէջ պատրաստուած շուրջ 40 ձեռագրեր:
Կը տեղեկանանք, որ Մխիթարեան միաբանութեան Ընդհանուր աբբահայր Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեան վերջին օրերուն կարճատեւ այցելութիւն մը տուած է Իսթանպուլ, ուրկէ ալ մեկնած է Երեւան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու ճակատագրական քայլը նոր հարթութեան մը վրայ դրաւ Սուրիոյ երկարամեայ տագնապը:
Վարչապետը կրկնեց Թուրքիոյ վերապահութիւնները:
Ուաշինկթըն զօրքերու շարժման անցնելէն առաջ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցեց Անգարային: Ներկայիս ԻՇԻՊ-ի կապը արդէն խզուած է միւս քաղաքներուն հետ
Հռոմի մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-Իտալիա միջկառավարական յանձնաժողովին առաջին նիստը։ 6-8 Յունիսին տեղի պիտի ունենան աշխատանքները, որոնց ծիրէն ներս նախատեսուած է նաեւ Հայաստան-Իտալիա գործարար համաժողովը։