Լրահոս

Միացեալ Նահանգներու Ամենաքննարկուող Հայերէն Մէկը Եւ Տնական Գարեջրագործութեան Հայրը

Չար­լի Փա­փա­զեան գրե­թէ ա­մէն ինչ գի­տէ տնա­յին պայ­ման­նե­րու մէջ գա­րե­ջուր պատ­րաս­տե­լու մա­սին: Ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ սիրուած խմիչ­քին ա­մե­րի­կա­ցի գի­տա­կը այս գոր­ծին նուի­րած է իր ամ­բողջ կեան­քը:

ԲԵՐԿՐԱՆՔ ԵՒ ԽՆԴՈՒԹԻՒՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Սրբազնագոյն Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. «Երկրային այս կեանքը տրուած է մեզի որպէս ժամանակ Աստուծոյ փրկարար կեանքին վկայութիւնը բերելու, Աստուծոյ պատուիրաններն ու պատգամները իրագործելու մեր իրականութեան մէջ, մեր ընտանիքներուն, մեր երկրին, մեզ շրջապատող աշխարհին մէջ։ Մեր կեանքը արժէք ու բովանդակութիւն կը ստանայ Քրիստոսի մահուան ու Յարութեան խորհուրդի լոյսին ներքեւ»:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով ու ցնծութեամբ նշեց Սուրբ Զատիկը եւ իր զաւակները աշխարհի չորս ծագերուն զիրար ողջունեցին տօնական աւետիսով:

51.41 % ԱՅՈ...

Նախագահական կառավարման դրութեան հաստատման նպատակով ժողովուրդին ներկայացուած սահմանադրական փոփոխութեան առաջարկը արժանացաւ հաւանութեան. երէկուան հանրաքուէի լոյսին տակ նոր շրջանի մը հորիզոնը կ՚ուրուագծուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան առջեւ:
Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդը շուրջ տասն օր վերջ պաշտօնապէս պիտի հրատարակէ վերջնական արդիւնքը:

ՀՐԱԺԵՇՏ ՓԻԼԻՊՊՈՍ ԱՇԸՔԻՆ

Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ նո­րոգ հան­գու­ցեալ Փի­լիպ­պոս Ա­շը­քի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը, ո­րուն հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան։ Հարկ է նշել, որ տօ­նա­կան օ­րե­րուն զու­գա­դի­պած իր մա­հը խոր ցաւ պատ­ճա­ռած էր ըն­տա­նի­քին եւ բա­րե­կա­մա­կան շրջա­նա­կին։

Եռօրեայ Այցելութիւն դէպի Գամիշլի

Բե­րիոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Շա­հան Արք. Սար­գի­սեան հո­վուա­պե­տա­կան ե­ռօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն տուաւ Գա­միշ­լի՝ ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Սու­րիոյ խորհըր-դա­րա­նի ե­րես­փո­խան եւ Ազ­գա­յին ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ Ժի­րայր Ռէի­սեա­նի:

ՓորթուԳալի ՄԷջ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ Համագումար

«Փոր­թու­գալ-Հա­յաս­տան բա­րե­կա­մու­թեան միու­թեան» նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ Լիզ­պո­նի հա­մալ­սա­րա­նի գի­րե­րու բա­ժան­մուն­քին մէջ կա­յա­ցած է «Հա­յոց լե­զուի օր» խո­րագ­րով հա­մա­գու­մար:

ՀԱՆՐԱՔՈՒԷ

Վա­ղը ամ­բողջ Թուր­քիոյ մէջ ժո­ղո­վուր­դը քուէա­տու­փի մօտ պի­տի եր­թայ հան­րա­քուէի հա­մար։ Շա­բաթ­նե­րէ ի վեր հե­տաքրք­րու­թեամբ կը սպա­սուի այս հան­րա­քուէի ար­դիւն­քին։

Էջեր