ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ-ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
«Երեւան Մոլ» առեւտուրի եւ զուարճանքի համալիրէն ներս երէկ բացուեցաւ՝ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» խորագրեալ բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը։ Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ կազմակերպուեցաւ այս ձեռնարկը, որու բացումը պատուեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։
ՈՒԷՖԱ եւ ՖԻՖԱ համատեղ ներդրումներ կ՚ընեն Հայաստանի մարմնամարզի զարգացման համար:
Արեւելեան գործընկերութեան եւ Վիշեկրատեան քառեակի նախարարներուն ժողովը:
ԵԱՀԿ-ի կողմէ հրապարակուեցաւ 2016 թուականի զեկոյցը, որու բովանդակութեան մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ ԵԱՀԿ կը շարունակէ ձգտիլ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ ու տեւական կարգաւորման։
«Սուրիոյ զարգացումները տեղի չեն տար համաշխարհային պատերազմի մը», նման յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ երէկ Երեւանի մէջ վաստակաւոր դիւանագէտ Արման Նաւասարդեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դեսպան Նաւասարդեան համոզուած է, որ հետագային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն տեսակէտէ կարեւոր ուղղութիւններէն մին պիտի ըլլայ Հարաւային Կովկասը։
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն վերջ համախոհական նոր կառավարութեան մը ձեւաւորուիլը առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ երկրին օրակարգը։ Ընտրութիւններէն առաջին դիրքի վրայ դուրս եկած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը թէեւ ունի անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը խորհրդարանէն ներս, սակայն մտադիր է համախոհական կառավարութիւն մը կազմել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հետ։
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց Միխէյիլ Ճանելիծէն: