ԱՐԾՈՒԻԿ 18-ՐԴ
Ուքրայնոյ մայրաքաղաքը՝ Քիեւի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Եւրոտեսիլ-2017» երգի մրցոյթը, որու դափնեկիրը դարձաւ Փորթուգալի ներկայացուցիչ Սալւատոր Սոպրալ։
Ուքրայնոյ մայրաքաղաքը՝ Քիեւի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Եւրոտեսիլ-2017» երգի մրցոյթը, որու դափնեկիրը դարձաւ Փորթուգալի ներկայացուցիչ Սալւատոր Սոպրալ։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցան քաղաքապետական ընտրութիւններ։ Կը հաղորդուի, որ մասնակցութեան համեմատութիւնը եղած է բաւական նուազ։ Մայրաքաղաքի բնակիչներուն հազիւ 41 տոկոսը մասնակցած է քուէարկութեան՝ աւագանիի, այսինքն, քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեան։
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որ ներկայիս կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) Մոսկուայի մօտալուտ նստաշրջանին ընդառաջ կը քննարկէ Պոլսոյ Աթոռի առկայ հարցերը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ ընդունեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանը, որ տեղապահի ընտրութենէն վերջ առաջին անգամ մեկնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի յայտարարութիւնները՝ Հայաստանի «Շանթ» հեռուստակայանի «Հեռանկար» հաղորդաշարէն:
«Եթէ պէտք ըլլայ՝ կը զիջինք, ինչու չէ։ Հնարաւոր է այս բանը, անհնար բան մը չկայ աշխարհի վրայ, կեանքի մէջ։ Միայն թէ այստեղ պայքար չկայ, այլ կայ ընթացք մը, որ պէտք է շարունակուի։ Իմ կարծիքով, որոշ չափով սխալ է հարցը ներկայացնել պայքարի ձեւով, որովհետեւ ուղղակիօրէն յարատեւութեան ի խնդիր պէտք է տեղի ունենայ ընտրութիւն»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պատրիարքական ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որ կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, այսօր կ՚ընդունուի Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Նորին Սրբազնութիւնը երէկ մասնաւոր հարցազրոյց մը տուաւ մեր աշխատակից Սագօ Արեանին, որ իրեն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անունով ներկայանալով՝ տեղեակ դարձաւ Պատրիարքարանի շուրջ ստեղծուած առկայ տագնապի այժմու փուլին վերաբերեալ իր պատկերացումներուն ու մօտեցումներուն։
Երեւանի Մատենադարանը ներկայիս անցում կը կատարէ դէպի նոր՝ հիմնադրամի կարգավիճակի:
Գուրգէն Գասպարեանի խօսքով, բուն խնդիրն է ապագայ զարգացման հնարաւորութիւններու լիարժէք օգտագործումը:
«Մոտըրն Հելթքեր» թերթը, որ առողջապահութեան մարզին մասին լուրերու եւ ուսումնասիրութեանց նուիրուած հեղինակաւոր հրատարակութիւն մըն է, կազմած է առողջապահական մարզի ընկերութեանց լաւագոյն քսանհինգ տնօրէններու 2017 թուականի ցանկը, որուն մէջ ընդգրկուած է նաեւ հայազգի բարերար Մայք Սարեան։
«Կանգառ Փոքրիկ Հայաստանի մէջ» խորագրով համերգը, Փոքրիկ Հայաստանի սրտին մէջ, Մայիսի 13-ին լոսանճելըսցիներուն պիտի ներկայացնէ հայկական մշակոյթը: Երաժիշտներ Արտեոմ Մանուկեանն ու ընկերները, ինչպէս նաեւ «Այա» պարախումբը պիտի ներկայանան կատարումներով, իսկ նկարչուհի Արփինէ Շահպանտարեանը՝ իր արուեստի գործերով:
Հովանաւորութեամբ Հալէպի Պետական համալսարանի նախագահ Տքթ. Նայէֆ Սալթիի, կազմակերպութեամբ «Քրիստափոր» ուսանողական միութեան, Հալէպի Պետական համալսարանի «Ռազի» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայկական մշակոյթի շաբթուան:
