ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱ
Կրթութեան գերազանցութեան ազգային ծրագրին ձօնուած հանդիսաւոր ձեռնարկ՝ Երեւանի Մատենադարանի նիստերու դահլիճի երդիքին տակ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Մենք կարեւոր քայլ կ՚առնենք դպրոցական միջազգային բարձր չափանիշներ հաստատելու ուղղութեամբ։ Այսօր կ՚ազդարարենք առաջին քայլը»:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները շփումներ պիտի ունենան Երեւանի եւ Արցախի մէջ:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը բոլորեց իր ծաւալուն գործունէութեան քառորդ դարը:
Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Վլատիմիր Փութին քննարկեցին միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրները:
Հալէպի մէջ ընդհանուր վիճակը լաւ է, քաղաքի վերականգնման աշխատանքները բնականոն հունով կ՚ընթանան: Սուրիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ժիրայր Ռէիսեանի խօսքով՝ Հալէպի ազատագրումէն ետք իրավիճակը աւելի լաւ է, նախկին անապահովութեան վիճակը չկայ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը երէկ պարգեւատրեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիրը:
Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրի երդիքին տակ հանդիսաւոր երեկոյթ:
Արցախի ճակատին վրայ երէկ նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը՝ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ կէսօրուան ժամերուն Ատրպէյճանի կողմէ արձակուած կրակոցին թիրախը դարձաւ Արմէն Յարութիւնեան (1996թ.)։
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ ծրագիր մը: