ԱրցախԻ Արկածային Զբօսաշրջութեան Նոր ՀնարաւորութիւններԸ
Արցախը հանդէս կու գայ արկածային զբօսաշրջութեան նոր հնարաւորութիւններով:
Արցախը հանդէս կու գայ արկածային զբօսաշրջութեան նոր հնարաւորութիւններով:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այս շաբաթավերջին հերթական անգամ կ՚այցելեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան:
Ըստ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի, պէտք է յաղթահարուին այն փոքր, սակայն լուրջ մանրամասնութիւնները, որոնց շուրջ տակաւին համաձայնութիւն չէ գոյացած:
Թոմ Քաթինան այն բժիշկն է, որ Նիւ Եորք քաղաքի հանգիստ պայմանները թողլով կը մեկնէր Սուտան, մարդասիրական առաքելութիւն մը իրականացնելու համար: Ամերիկացի բժիշկը իր աշխատանքը կը ծաւալէր «Մայր գթութեան» անունը կրող հիւանդանոցին մէջ, որ կը պարփակէ անկողին եւ որ միակն է շրջանին մէջ:
«Քարնեկի» հիմնարկը զեկոյց մը պատրաստած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ:
ԱՄՆ-ի նոր վարչակազմը տակաւին պէտք է ձեւակերպէ իր քաղաքականութիւնը՝ Հարաւային Կովկասի պարագային:
Անգարայի եւ Պերլինի ղեկավարութիւններուն միջեւ յառաջացած տարակարծութիւններուն զուգահեռ՝ Գերմանիոյ կառավարութիւնը որոշեց իր զօրքերը դուրս բերել Թուրքիայէն։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին գերմանական զօրքերը պիտի հեռանան Ինճիրլիքի ռազմախարիսխէն ու պիտի տեղակայուին Յորդանանի մէջ։
Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Միսս ԱՊՀ» գեղեցկութեան միջազգային մրցոյթը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 18-25 տարեկան 24 գեղեցկուհիներ մասնակցեցան այս մրցոյթին։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ԵՆԺ-ի վեցերորդ նստաշրջանի բացման, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ անդրադարձաւ Պոլսոյ Աթոռի առկայ հարցերուն։ Նորին Սրբազնութիւնը արտայայտուեցաւ ընդհանուր առմամբ լաւատեսութեամբ ու դրական շեշտով։ Ան նշեց, որ ցայսօր թէեւ եղան յապաղումներ, սակայն այլեւս կարեւորը ապագան է։
«Միսս Հայաստան» գեղեցկութեան համահայկական մրցոյթը տեղի կ՚ունենայ Սեպտեմբերի 15-ին։ Մասնակցութեան համար կը նախընտրուին 17-26 տարեկան 20-25 գեղեցկուհի։
Այս առաւօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովին նստաշրջանը՝ Վեհափառ Հայրեպետին բարձր նախագահութեամբ:
Օրակարգի վրայ կը գտնուին Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարման նախապատրաստութիւնները եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներու կազմին վերանորոգումը:
Անգարայի եւ Պերլինի ղեկավարութիւնները չկրցան յաջողիլ միջին եզր մը գտնել՝ յաղթահարելու համար առկայ տարակարծութիւնները:
Թուրքիա առայժմ յարմար չի դատեր գերման խորհրդարանականներուն այցելութիւնը՝ Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը: Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ տեսակցեցաւ Սիկմար Կապրիէլի հետ, սակայն վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ ջնջեց իր հանդիպումը հիւր նախարարին հետ: Կառավարութիւնը միշտ կը շեշտադրէ իր անտեսուած զգայնութիւնները: