ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԵՐԷԿ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս երէկ հիւրընկալուեցան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու շրջանակներէն խումբ մը աշխատակիցներ։ Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այս առթիւ պարգեւատրեց քանի մը յայտնի լրագրողներ, որոնք կ՚աշխատակցին Հանրային հեռուստատեսութեան եւ Հանրային ռատիոյին։