ՆԱԽԱՐԱՐ ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՄԻՒՆԻԽ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վաղը երկօրեայ այցելութիւն մը պիտի տայ Գերմանիա, ուր պիտի մասնակցի Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախատեսուած է նաեւ Եդուարդ Նալպանտեանի հանդիպումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ՝ քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին եւ հեռանկարներուն վերաբերեալ հարցեր։
Առկախեալ ընտրութիւնները թրքահայութեան կեանքը կը կաթուածահարեն՝ անկանխատեսելի հետեւանքներով ու մաշեցուցիչ վերիվայրումներով:
Հանրապետութեան նախագահը շրջագայութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ:
Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան փոխադրութեան ոլորտի լիազօր մարմիններու ղեկավարներուն ժողովը:
Երէկ, Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն։ Այսպէս, նախագահ ընտրուեցաւ Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր, որ իր առաջին ելոյթին մէջ կոչ ուղղեց ազատութեան ու ժողովրդավարութեան համար։
Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով՝ շաբաթավերջին Պուէնոս Այրէսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան նշանակուեցաւ Էսթերա Մկրտումեան, որ յառաջիկայ շրջանին պիտի գործուղղուի Արժանթին։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ վաւերացուց՝ Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերեալ օրէնքը։ Ծանօթ է, որ վերջին օրերուն հանրային կարծիքը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւէր Պեշթեփէի վաւերացման եւ այսպէսով Էրտողան արդէն վերջնական հաւանութիւնը տուաւ Սահմանադրութեան փոփոխութեան։
Պապայեան. «Արտառոց պիտի ըլլար, եթէ Ատրպէյճան հրադադարը չխախտէր»: