ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՄԱԿԱՐԳՐՈՒՄ
Լրագրող Հայքօ Պաղտատ երէկ Սամաթիոյ մէջ մակագրեց իր գիրքերը։ Թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հանդիպակաց «Սահաֆ» գրախանութին կողմէ շնորհանդէս մը կազմակերպուած էր իր նոր գիրքին համար, որ կը կոչուի «Գուրթուլուշ չոք պոզուլտու»։