ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Ռուսաստան:
Սարգսեան. «Մեզի համար ամենաընդունելի վիճակն է՝ երբ Մոսկուա-Արեւմուտք յարաբերութիւնները լարուած չեն»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Ռուսաստան:
Սարգսեան. «Մեզի համար ամենաընդունելի վիճակն է՝ երբ Մոսկուա-Արեւմուտք յարաբերութիւնները լարուած չեն»:
Յառաջիկայ ամսուան ընթացքին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Այս առթիւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) Գերագոյն խորհուրդի նախագահ Վարդան Նազիրեան հարցազրոյց մը տուած է Երեւանի «Ժողովուրդ» օրաթերթին։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի բժշկական դասու երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն մին՝ Փրոֆ. Արամ Սուքիասեան։ Իսթանպուլի համալսարանի «Ճերրահփաշա» բժշկական ֆաքիւլթէէն ներս երկար տասնամեակներ դասախօսած շատ արժէքաւոր մասնագէտ մըն էր Փրոֆ. Արամ Սուքիասեան, որ ձեռք բերած էր բարի համբաւ եւ իր պաշտօնակիցներու շրջանակներէն ներս կը վայելէր յարգանք ու սէր։
ԵԱՀԿ-ի միջնորդները շաբաթավերջին Ատրպէյճան այցելեցին, իսկ ամսավերջին պիտի ուղղուին դէպի Հայաստան եւ Արցախ:
Իլհամ Ալիեւ կ՚այցելէ Փարիզ, ուր կը տեսակցի Օլանտի հետ - Ստեֆան Վիսքոնթի. «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը շարժած է մեռեալ կէտէն»:
Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան անդամ շարք մը երկիրներու միջեւ խոր տարակարծութեան մթնոլորտ:
Գերմանիոյ իշխանութիւնները կը մտածեն Ինճիրլիքի ռազմախարիսխէն ետ կանչել իրենց զինուորները:
Եաշար Տողուի յիշատակին կազմակերպուած ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքի ծիրէն ներս, Իսթանպուլի մէջ շաբաթավերջին արծաթէ մետայլ մը նուաճեց Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Նարեկ Սիրունեան։ 45-րդ անգամ կազմակերպուած այս միջազգային մրցաշարքին մէջ ան պայքար մղեց 65 քիլօկրամի դասաւորման մէջ։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Լիբանանի մասնաճիւղը վերջերս ոգեկոչման հանդիսութիւն մը կազմակերպեց՝ լիբանանահայ հանգուցեալ յօրինող Պօղոս Ճելալեանի համար։ Լիբանանի Մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որուն համար իր նպաստը բերած էր նաեւ Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը։
Թուրքիա-Ռուսաստան Բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի երէկուան կարեւոր ժողովը:
Էրտողանի եւ Փութինի Մոսկուայի տեսակցութեան ընթացքին շօշափուեցան տարածքաշրջանային հարցեր:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այս ամսավերջին ուղեւորութեան մը պիտի ձեռնարկեն դէպի Հայաստան եւ Արցախ:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան. «Պէտք է փորձենք շարունակել բանակցութիւններու համար համապատասխան պայմաններ ստեղծելու գործընթացը»:
Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոցիաս երէկ աւարտեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Երեւան։ Օրուան տեւողութեան ան բանակցութիւններ վարեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ, նաեւ հիւրընկալուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։