ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԾՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԽՐԱԽՈՒՍՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄՆԵՐ «ՏԱՇԻՐ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԷՆ
«Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամը 2016 թուականին Արցախի ընտանիքներուն մէջ ծնած չորրորդ երախաներուն պիտի յատկացնէ 4000-ական տոլար: Ըստ «Արցախփրէս»ին, Հադրութի շրջանի Ակնաղբիւր գիւղին մէջ այս մասին յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի Վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան:
Փարիզի մէջ պատահաբար գտնուած է Լէոնարտօ տա Վինչիի 15 միլիոն եւրօ արժող գծանկարը: «Թելեկրաֆ» պարբերականը կը հաղորդէ, որ ֆրանսացի հանգստեան կոչուած բժիշկ մը, որ փափաք յայտնած է իր անունը անյայտ պահել, «Թաժան» աճուրդային տուն բերած է իր հօր պատկանող գծանկարներու տուփ մը:
Բեմադրիչ, դերասան Յովհաննէս Հելվաճեան իր թատերախումբը հիմնեց 13 Ապրիլ 1977-ին եւ նոյն ամսուան 24-ին մկրտեց զայն «Կոմիտաս» անունով:
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան շաբաթավերջին Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին ամփոփեց իր կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան հարիւր օրերու գործունէութիւնը։ Ան թէեւ առաւել չափով կանգ առաւ երկրի տնտեսական կացութեան վրայ, սակայն անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան։
Հրանդ Տինքի ոգեկոչման համար քաղաքիս եւ արտասահմանի մէջ կեանքի կը կոչուին ձեռնարկներ:
ԵԱՀԿ-ի աւստրիական նախագահութիւնը կը խրախուսէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը:
Կիրակի, Յունուար 29-ին, Գալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի համերգասրահին մէջ ելոյթ պիտի ունենայ մրցանակակիր թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան, համալսարանին կողմէ կազմակերպուող Ֆիլիփ Լորենզի յիշատակի համերգներուն ծիրէն ներս:
Ամերիկահայ նշանաւոր գեղանկարչուհի եւ «Սիրուն տառեր» ստեղծագործութեան հեղինակ Սիրուն Երէցեան վերջերս Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ Արմելա Շաքարեանի ձեռամբ ստացաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» շքանշանը՝ հայկական մանրանկարչական արուեստին մէջ ներդրած իր նշանակալի աւանդին համար: