ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 25-ամեակի յոբելեանին առթիւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ցուցահանդէս մը։ «Դարաւոր Հայաստանի նորանկախ պետութիւնը» խորագրեալ այս եռօրեայ ցուցահանդէսը բացուեցաւ ֆրանսական մայրաքաղաքի իններորդ թաղամասի քաղաքապետարանէն ներս։
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը երէկ պաշտօնական այց մը տուաւ Անգարա։
Մինսքեան խմբակի համանախագահները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջանին մէջ:
Աշխարհահռչակ հայազգի սոփրանօ Իզապէլ Պայրաքտարեան յառաջիկայ Նոյեմբերի 4-ին, Ֆրեզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ հանդէս կու գայ։ Ելոյթին երգացանկը կը բաղկանայ հայկական օրհներգներէ եւ ներբողներէ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր յայտարարեց, որ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարի շրջագծով շատ ամուր է գործընկերութիւնը Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միչեւ։ Փենթակոնի մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Քարթըր յայտնեց, որ սահմանային շրջաններու անվտանգութեան երաշխաւորման համար յաջող աշխատանք կը տանին թրքական կողմին հետ
Դէպի Հոլանտա աշխատանքային այցելութեան շրջագծով՝ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մաասթրիխթի մէջ մասնակցեցակ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) գագաթաժողովին։ ԵԺԿ-ի նախագահ Ժոզըֆ Տոլի կողմէ գլխաւորուած հաւաքին ներկայ էին նաեւ Եւրոմիութեան խորհուրդի անդամ Տոնալտ Թուսք, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէր, ինչպէս նաեւ ԵՄ-ի եւ անոր Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներէն ԵԺԿ-ի անդամ կուսակցութիւնները ներկայացնող պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներ։