ԶՕՐԱՎԱՐ ԱՈՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ
Սագօ Արեան կը տեղեկացնէ.-
Նախատեսուածին պէս Լիբանանի խորհրդարանը նախագահական ընտրութեան 46-րդ նիստով զօրավար Միշէլ Աունը ընտրեց երկրի 13-րդ նախագահ: Զօրավարին ընտրութիւնը արդիւնքն էր ոչ միայն ներքին քաղաքական համաձայնութիւններու, այլ կը դառնար շրջանային մեծ հարցերու լուծման համար յուսատու ջահ մը:

«Փախստականները ձայն չունին, անոնք անձայն են ու լուռ, ատոր համար ալ իմ հիմնական նպատակս է՝ անոնց մասին խօսիլ, լուսաբանել եւ եթէ կարելի ըլլայ՝ օգնել: Այսօր Սուրիոյ մէջ եղած դէպքերը ինծի ակամայ յիշեցնել կու տան հարիւր տարի առաջ մեր ժողովուրդին դէմ եղած դէպքերը», յայտնեց նկարչուհի Զեփիւռ Ճերահեան:
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան նախկին բազմամեայ ու բազմավաստակ վիճակաւոր Տ. Յովհաննէս Արք. Չոլաքեան շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Երէկ առաւօտ Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հոգելոյս գերապայծառին համար։
Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ, երկրի երրորդ մեծագոյն քաղաքին՝ Վանաձորի մէջ հաստատուեցաւ ֆութպոլի ակադեմիա մը։ Այս նոր մարզական համալիրին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին՝ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ։
Սեն թ՚Անթուան լատին կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ, Հոկտեմբերի 27-ին, ժամը 19.00-ին, տեղի ունեցաւ միջկրօնական հաւաքոյթ եւ աղօթքի երեկոյթ՝ «Խաղաղութեան ծարաւ» բնաբանով։