ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Քուէյթի նորանշանակ դեսպան Նաուաֆ Ապտիւլազիզ Ապտուլլահ Էլ Էնէզը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեան կարեւորեց միջպետական երկխօսութեան շարունակական զարգացումը, որու համար գոյութիւն ունին բոլոր նախադրեալները։
Հարցազրոյց՝ Ս. Ա.
Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպիսկոպոս Չիֆթճեան մեկնեցաւ Դարաշամբ, Ճուլֆա քաղաքը, հետեւելու Ս. Ստեփանոս վանքի տաճարի վերանորոգութեան աշխատանքներուն:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով կը պատրաստուի այցելել Երեւան։ Այսպէս Հոկտեմբերի 14-ին ան պիտի մասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի տանտիրութեամբ։
Հայաստանի նոր կառավարութիւնը երէկ իր անդրանիկ ժողովը գումարեց՝ ամբողջական կազմով:
Փոխ-վարչապետը երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու աշխարհական ղեկավարները, Ատնան Էրթէմի մասնակցութեամբ: