ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Մոսկուա եւ Պաքու շփման մէջ են միջազգային հրատապ հարցերուն շուրջ:
Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւն՝ Նովորոսիսկով նաւթի տարանցման համար:
Մոսկուա եւ Պաքու շփման մէջ են միջազգային հրատապ հարցերուն շուրջ:
Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւն՝ Նովորոսիսկով նաւթի տարանցման համար:
Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անասթասիատիս «Անատոլու» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարեց, թէ ուժանիւթի բնագաւառէն ներս համագործակցութիւնը արեւելեան Միջերկրականի պարագային պիտի ապահովէ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը։
Հայաստանի եւ Չեխիոյ կառավարութիւնները կը պատրաստուին կնքել ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան վերաբերեալ համաձայնագիր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս նիւթը ընդգրկուած էր Հայաստանի կառավարութեան երէկուան ժողովի օրակարգին վրայ։
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Եդուարդ Շարմազանով յայտարարեց, թէ սահմանադրութեան բարեփոխումներէն վերջ երկրի հասարակական-քաղաքական կեանքը թեւակոխած է նոր փուլ մը։ Շարմազանով, որ իշխանութեան գլուխ գտնուող Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան բանբերն է, խորհրդարանէ ներս յայտարարութիւններուն ժամանակ ըսաւ. «Մենք այլեւս կ՚ապրինք նոր իրողութեան մը պայմաններուն ներքեւ, ինչ որ ունի իր պահանջներն ու մարտահրաւէրները։
Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ Փետրօ Արկամունթ կը պատրաստուի այցելել Ատրպէյճան։ Կը հաղորդուի, որ դէպի Պաքու իր ուղեւորութիւնը պիտի իրականանայ Մարտի 2-ին։
Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանը (ԵՄԻԱ) երէկ արձակեց վճիռ մը, որով Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը պէտք է 3600 եւրօ փոխհատուցում վճարէ Թամարա Դոմազեանին։ Այս վերջինը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի է եւ ներկայիս կը բնակի Սէն Փեթերսպուրկի մէջ։
Ռուսահայ հռչակաւոր դերասան 80-ամեայ Արմէն Ճիկարխանեան ամուսնացաւ 36-ամեայ Վիթալինա Ցիմպալեուքի հետ։ Սա իր երրորդ ամուսնութիւնն է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ամուսնութիւնը արձանագրուած է Մոսկուայի պատկան իշխանութիւններուն մօտ։
Այսօր Իրանի մէջ տեղի կ՚ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ։ «tert.am» կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ այս ընտրութիւններուն համար եօթ հայազգի քաղաքական գործիչներու թեկնածութիւնը առաջադրուած է։
Նախարարական մակարդակով հանդիսաւոր հաւաք՝ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրի յիսնամեայ յոբելեանին առթիւ:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Նիւ Եորքի մէջ խօսեցաւ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակման խնդրին շուրջ՝ զայն որակելով ապօրինի:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յայտարարեց, որ սուրիահայոց համարկման հարցին մէջ պետութիւնը կը զգայ Սփիւռքի աջակցութեան կարիքը։ Ըստ նախարարին կողմէ ներկայացուած տուեալներուն, Սուրիոյ ներքին պատերազմին հետեւանքով ընդհանուր առմամբ շուրջ 20 հազար սուրիահայեր մուտք գործած են Հայաստան, իսկ անոնց 16 հազարը արդէն հաստատուած է երկրին մէջ։