ԵՏՄ-ԵՄ ՀԱՄԱՏԵՂ ԺՈՂՈՎ՝ ԱՇՆԱՆ
Ղազախիստանի Նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ յայտարարեց, որ յառաջիկայ աշնան Եւրոասիոյ տնտեսական միութիւնը (ԵՏՄ) եւ Եւրոմիութիւնը համատեղ համաժողով մը պիտի իրականացնեն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նազարպայեւ այս յայտարարութիւնը ըրաւ՝ Ռուսաստանի Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոյի հետ տեսակցութեան ընթացքին։


Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վաղը աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Փարիզ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան պիտի հիւրընկալուի Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Մարք Էյրոյի կողմէ։
Շուէտի մայրաքաղաքին մէջ արդէն զգալի է «Եւրոտեսիլ 2016»ի երգի մրցոյթին ոգեւորութիւնը։ Երէկ երեկոյեան Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցաւ մրցոյթի առաջին կիսաեզրափակիչը, որու արդիւնքին Հայաստանի ներկայացուցիչ Իվեթա Մուկուչեան յաջողեցաւ անցնիլ աւարտական հանգրուան։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի 114-րդ պատգամաւորական ժողովը:
