ՈՉ ԵՒՍ Է ԷՏՈՒԱՐ ՊԱԼԱՏԻՒՐ
Երէկ, 97 տարեկան հասակին, իր մահկանացուն կնքեց Ֆրանսայի նախկին վարչապետներէն Էտուար Պալատիւր (1929-2026)։ Ֆրանսայի աջակողմեան քաղաքական ճամբարի տիրական եւ ամենահեղինակաւոր կերպարներէն մին էր Էտուար Պալատիւր, որու կորուստին լայնօրէն արձագանգ կը հանդիսանան երկրի զանգուածային լրատուութեան միջոցները։
Մեքքէի պաշտպանութեան նորաստեղծ դաշինքին առաջին ժողովը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ:
Fikir Coğrafyası առցանց հարթակի «Տարբեր հայեացք» ծրագրով շաբաթավերջին շահեկան հարցազրոյց մը սփռուեցաւ՝ ուղիղ եթերով: Հաղորդավար Հասան Քարատեմիր յառաջ մղեց բազմակողմանի քննարկում մը. «Օսմանեան երկրէն ներս համայնքի եւ հասարակութեան շեմ մը. Հայոց Ազգային սահմանադրութիւնները»:
Հայաստանի երկրորդ մեծ քաղաքին՝ Կիւմրիի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ դեսպանահաւաք: Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական վարչամեքենայի եւ արտասահմանեան դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներու տարեկան հաւաքը առիթ հանդիսացաւ բազմակողմանի քննարկումներու:
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ արտակարգ ոգեւորութեամբ, արդար հպարտութեամբ ու աւանդական շուքով այս շաբաթավերջին կը նշուի 30 Օգոստոսի տօնը։ Մեծ յաղթանակը ճակատարագրային նշանակութիւն ունեցած էր Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան ճանապարհին։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ այս երկուշաբթի հանդիպում մը նախատեսուած է Պիշքէքի մէջ։ Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ կուտակուած խնդիրներուն հետեւանքները ատեն-ատեն ծայրայեղ լարուածութեան սահմաններուն կը հասնին։
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքայեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ նախագահները անդրադարձան Թուրքիա-Ղազախիստան յարաբերութիւններու ընթացքին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն։
ՄԱՐԱԼ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ(*)
«Շատ կարեւոր արձանագրում. մեր ժողովուրդը կը յաղթահարէ Խորհրդային Միութեան նոսթալժին»:
Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, որ վարպետ ու հեղինակաւոր քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան դարձած է՝ Միջցամաքամասային երաժշտական մրցանակի (ICMA) դափնեկիրներէն մին։ Ան «լաւագոյն երաժիշտ» անուանակարգին մէջ նուաճած է առաջնութիւն։