«ԱՆԳԱՐԱ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԻՋԵՒ ՄՇՏԱԿԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ՎԵՐՋԻՆ ՇՐՋԱՆԻՆ ԱՌՆՈՒԾ ՔԱՅԼԵՐԸ»
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր յայտարարեց, որ Թուրքիոյ ուժը Ատրպէյճանինն է եւ փոխադարձաբար։
Ատրպէյճանի Յաղթանակի օրուան եւ Պետական դրօշի օրուան կրկնակ առիթներով Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարեց, որ տարածաշրջանէ ներս սահմաններու եւ աշխարհաքաղաքականութեան որեւէ փոփոխութիւն անընդունելի է։ Իր խօսքով՝ անվտանգութիւնը ամենալաւ կերպով կ՚ապահովուի տարածաշրջանային համագործակցութեան միջոցաւ՝ ներառեալ «3+3» ձեւաչափով հարթակը։
Նախկին երեսփոխան Կարօ Փայլան ցաւ յայտնեց, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կախուածութեան մէջ է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումէն։
Հրշէջ գունդը անմիջապէս միջամտեց՝ կանխելով կորուստներն ու ծանրակշիռ հաւանական հետեւանքները:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Շեշտադրում եռակողմանի քայլերուն. «Ռուսաստան կը ջանայ կայունացնել Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները»:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն իրաւաբան Առէն Տատըրօղլուն։ Հարկ է նշել, որ Պէյօղլուի մէջ ամսավերջին նախատեսուած է՝ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու իրաւունքներու ծիրէն ներս անոնց իրաւաբանական կարգավիճակի եւ սեփականութեան խնդիրներուն շուրջ համաժողով մը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Անգարա եւ Երեւան կ՚ընթանան ճիշդ ճանապարհով։ Իր խօսքով՝ 2021 թուականէն ի վեր կ՚ընթանայ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։
Անթալիայի «Ոսկէ նարինջ» շարժանկարի փառատօնի դատակազմի յատուկ մրցանակը: