ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ ԴԵՍՊԱՆԱՀԱՒԱՔ, ՊԻՇՔԷՔԻ ՄԷՋ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի երկրորդ մեծ քաղաքին՝ Կիւմրիի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ դեսպանահաւաք: Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական վարչամեքենայի եւ արտասահմանեան դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներու տարեկան հաւաքը առիթ հանդիսացաւ բազմակողմանի քննարկումներու:
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ արտակարգ ոգեւորութեամբ, արդար հպարտութեամբ ու աւանդական շուքով այս շաբաթավերջին կը նշուի 30 Օգոստոսի տօնը։ Մեծ յաղթանակը ճակատարագրային նշանակութիւն ունեցած էր Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան ճանապարհին։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ այս երկուշաբթի հանդիպում մը նախատեսուած է Պիշքէքի մէջ։ Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ կուտակուած խնդիրներուն հետեւանքները ատեն-ատեն ծայրայեղ լարուածութեան սահմաններուն կը հասնին։
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքայեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ նախագահները անդրադարձան Թուրքիա-Ղազախիստան յարաբերութիւններու ընթացքին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն։
ՄԱՐԱԼ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ(*)
«Շատ կարեւոր արձանագրում. մեր ժողովուրդը կը յաղթահարէ Խորհրդային Միութեան նոսթալժին»:
Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, որ վարպետ ու հեղինակաւոր քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան դարձած է՝ Միջցամաքամասային երաժշտական մրցանակի (ICMA) դափնեկիրներէն մին։ Ան «լաւագոյն երաժիշտ» անուանակարգին մէջ նուաճած է առաջնութիւն։
Նիկոլ Փաշինեան երէկուան մամլոյ ասուլիսին ժամանակ տեղեկացուց, որ Երեւանի եւ Աստանայի միջեւ քննարկումներ կը ծաւալուին TRIPP նախաձեռնութեան շուրջ։ Ան վերջին օրերուն հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքաեւի հետ։
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան արդէն դարձեալ բանտարկուած է։ Վերջին օրերուն, երկրի իրաւապահ մարմիններուն կողմէ նախկին ղեկավարներու դէմ գործողութիւնները նոր հարթութիւն մը թեւակոխած են։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպակիծէի հետ: Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ վարչապետները քննարկեցին Երեւան-Թիֆլիզ ռազմավարական յարաբերութիւններու օրակարգին, զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերեալ հարցեր: