ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայ ազգը խոր տագնապի պահու մը մէջ է: Հայաստանի վերջին իրադարձութիւնները ցնցումի ալիքներ կը յառաջացնեն թէ՛ երկրին մէջ եւ թէ սփիւռքի լայն տարածքին: Ինչպէս մեր ազգի պատմութեան բախտորոշ բոլոր հանգրուաններուն, ՀԲԸՄ ձայնը կը բարձրացնէ՝ կոչ ուղղելով զսպուածութեան եւ ազգային միասնականութեան: