ՖԻՏԱՆ-ԱՐԱՂՉԻ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Անգարա-Թեհրան առանցքին վրայ այս շրջանին խտացած են բարձր մակարդակի շփումները։ Իսրայէլ-Իրան պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ խորհրդակցութիւնները թափ ստացած են։
Անգարա-Թեհրան առանցքին վրայ այս շրջանին խտացած են բարձր մակարդակի շփումները։ Իսրայէլ-Իրան պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ խորհրդակցութիւնները թափ ստացած են։
Սամուէլ Կարապետեանի պատգամը փաստաբանի միջոցաւ. «Կու գայ սկզբունքօրէն նոր ուժի շուրջ միաւորուելու, միասնական, մէկ բռունցք դառնալու ժամանակը»:
Երեւանի կեդրոնին երէկ հոգեւորականներու ալ մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ բողոքի մեծ ցոցյ մը, որով պահանջուեցաւ ազատութիւն ազգային բարերարին համար, որ բանտարկուած է իշխանութիւն-եկեղեցի տագնապի պայմաններուն ներքեւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին աջակցութիւն արտայայտելէ վերջ:
Հայաստանի եւ սփիւռքի բազմաթիւ եպիսկոպոսներ եւ թեմակալ առաջնորդներ խստօրէն դատապարտեցին ուժային կառոյցներու ներխուժումը՝ Սրբութիւն Սրբոց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան մասնակցեցաւ՝ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՏՀԿ) 17-րդ գագաթաժողովին, որ Ատրպէյճանի տանտիրութեամբ տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Ատրպէյճան, ուր կը մասնակցի Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՏՀԿ) 17-րդ գագաթաժողովին՝ որուն ներկայ կ՚ըլլան նաեւ Իրանի, Թիւրքմենիստանի, Խրղըզիստանի, Աֆղանիստանի, Փաքիստանի, Ղազախիստանի, Տաճիկիստանի եւ Էօզպեքիստանի ղեկավարները։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որ տեւեց ժամ մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թել Աւիւ-Ուաշինկթըն-Թեհրան առանցքէն ցոլացած պատկերը տակաւին մշուշապատ է, դուռ կը բանայ հարցումներու:
Իսրայէլ-Իրան պատերազմը թէեւ կարճ տեւեց, սակայն, նոր իրավիճակի արժեւորումը կը տեւէ երկար՝ միջազգային բեմահարթակի վրայ:
Վարդեւանեան. «Եկեղեցւոյ զօրակցութիւն յայտնելէ վերջ բանտարկուած բարերարը որեւէ կոչ չէ հնչեցուցած»:
Սամուէլ Կարապետեանի փաստաբանը կը մատնանշէ գործադիր իշխանութեան ղեկավարի ակնյայտ հաշուեյարդարը:
Հայաստանի մէջ իշխանութիւններու եւ եկեղեցւոյ միջեւ ծագած լարուածութիւնը կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Եկեղեցին կը խօսի իր դէմ արշաւի մը մասին, իսկ իշխանութիւնները հարցը այլ ձեւով կը մատուցեն։
Երեւան եւ Թեհրան կ՚արժեւորեն ճգնաժամային իրավիճակներու պայմաններով համագործակցութեան հարցերը:
Հայաստան կը յուսայ, թէ Իսրայէլ-Իրան հրադադարը կ՚ըլլայ տեւական եւ առիթ կը դառնայ բանակցութիւններու:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։