ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Երեւանի մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ այս օրերուն տեղի կ՚ունենան զանազան ընդունելութիւններ, որոնք կը կազմակերպուին Հայաստանի պետական աւագանիի գլխաւոր դէմքերուն կողմէ։ Այս շրջագծով զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն ի պատիւ ալ կը սարքուին ընդունելութիւններ, որոնք առիթ կը հանդիսանան նաեւ յառաջիկայ տարուան սպասումներուն կապակցութեամբ պետական աւագանիին կողմէ պատգամներու փոխանցման։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ այս օրերուն մեր մէջ կը գտնուի ֆրանսահայ յայտնի մտաւորական, հեղինակաւոր պատմաբան Փրոֆ. Քլոտ Արմէն Մութաֆեան, որ Իսթանպուլ կ՚այցելէ իր կողակցին հետ։
Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը ամփոփեց 2015 թուականի իրադարձութիւնները:
Երէկ լիբանանահայ գաղութը կորսնցուց հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներէն, բազմավաստակ դերասան եւ բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանը, որ տասնամեակներ շարունակ իր անջնջելի դրոշմը դրաւ լիբանանահայ թատերական կեանքին վրայ:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան պատգամ մը հրապարակեց Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան կապակցութեամբ։
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան վարչապետը շփումներ ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ: