ՆՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ԾԻԼԸ…
Մերձաւոր Արեւելքէն խոյս տուած հայ գաղթականները երէկ Սուրբ Ծննդեան լաւատեսութեամբ լիցքաւորուեցաւ Կեսարիոյ մէջ:
Թրքահայ համայնքի ներկայացուցիչները Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս ամենաջերմ զգացումներու առարկայ դարձուցին իրենց քոյրերն ու եղբայրները: Պատրիարքական Աթոռին կողմէ փոքրիկներուն յանձնուեցան պատկերազարդ «Տէրունական աղօթք»ներ: ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրութիւնը գրասէրներուն տրամադրեց Միսաք Գօչունեանի «Կեանքի տեսարաններ»ը:

Հայաստանի մարդու իրաւանց պաշտպան Կարէն Անդրէասեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Ան այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր գործընկերներու համատեղ աշխատանքին համար ու միեւնոյն ժամանակ յոյս յայտնեց, թէ մարդու իրաւանց պաշտպանութիւնը պիտի շարունակէ մնալ Հայաստանի պետութեան եւ հասարակութեան առաջնահերթութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ստորագրեց շարք մը հրամանագրեր, որոնց հիման վրայ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մօտ երկրին դեսպանը։ Այսպէս, Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուեցաւ Գրիգոր Յովհաննիսեան, որ յառաջիկայ շրջանին պիտի ձեռնարկէ պաշտօնի։
«Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց ֆրանսահայ մտաւորականի գրքի թրքերէն թարգմանութիւնը:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիք մեկնած է Լոնտոն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին շուրջ խորհրդակցութիւններու մասնակցելու նպատակով։ Ան Անգլիոյ Արտաքին եւ համագործակցութեան նախարարութեան մօտ խորհրդակցութիւններ կ՚ունենայ հիմնախնդրի կարգաւորման հեռանը-կարներուն առընչութեամբ։
Պալըքլըի յունաց հիւանդանոցի պարագային բացուած դատին արդիւնքը կրնայ առընչուիլ Թուրքիոյ ամբողջ փոքրամասնութիւններու հաստատութիւներուն: