ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՏԵՍԼԱԿԱՆ
Երեւան եւ Թիֆլիզ կը համագործակցին տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան պահպանման ուղղութեամբ:
Սէյրան Օհանեանի համոզմամբ, անվտանգութեան տարբեր համակարգերու մէջ գտնուիլը չի խանգարեր, որ Հայաստան եւ Վրաստան ստեղծեն հարեւանային հնարաւորութիւններ: Թինաթին Խիտաշելի խօսեցաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ հետ իր երկրի մշակած ռազմավարական յարաբերութիւններուն եւ անոնց կարեւորութեան մասին:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան վերջերս մասնակցեցաւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ առաջնորդութեան կողմէ տարեմուտի առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան մը։
Երբ Լեւոն Արոնեան կը քայլէ իր հարազատ Հայաստանի փողոցներուն մէջ, բոլորը անոր կը ժպտին, կը ստիպեն, որ ճաշարանին մէջ չվճարէ, ծնողները իրենց երախաները անոր անունով կը կոչեն: Հայ շախմատիստ Լեւոն Արոնեանի մասին գրած է CNN-ը:
Հայաստանի եւ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւններու ծրագրաւորեալ համագործակցութիւնը կը շարունակուի այս տարի եւս:
Սերժ Սարգսեան Ուաշինկթընի մէջ պիտի մասնակցի Միջուկային անվտանգութեան գագաթաժողովին:
Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան գործադիր մարմինը՝ Եւրոասիոյ տնտեսական յանձնաժողովը այսօրուն դրութեամբ կը սկսի աշխատիլ նոր կազմով մը։ Դարձեալ այսօրուան դրութեամբ Եւրոասիոյ տնտեսական յանձնաժողովը կը գլխաւորէ Հայաստանի նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեան։
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ խմորումները կը շարունակուին՝ համախոհական նոր իշխանութեան մը ձեւաւորման ուղղութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, միջոցէ մը ի վեր արդէն շրջանառութեան մէջ կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) մասնակցութեամբ համախոհական իշխանութեան մը ձեւաւորման վարկածը։