Զուիցերիա Կը Պատրաստուի Ամսական 2450 Տոլար Վճարել Իր Քաղաքացիներուն
Բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Զուիցերիոյ մէջ պիտի քննարկուի առաջարկ մը, որուն համաձայն, երկրի իւրաքանչիւր քաղաքացի, անկախ այն իրողութենէն, թէ գործազուրկ է կամ ոչ, իւրաքանչիւր ամիս պիտի ստանայ 2500 զուիցերական ֆրանք (շուրջ 2450 տոլար):
Հայազգի արհեստավարժ բռնցքամարտիկ, գերմիջին ծանրութեան կարգի աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ կրկին ճանչցուած է Գերմանիոյ տարուան լաւագոյն բռնցքամարտիկը:
ՀԲԸՄ կը ձգտի ընդարձակել իր ազգային առաքելութեան ծիրը եւ գործելաոճի զարգացման ուղղութեամբ հետամուտ է նոր քայլերու։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը երէկուան մամլոյ ասուլիսով ամփոփեց անցեալ դիւանագիտական տարին:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Կը հաղորդուի, որ Ատրպէյճանի իր շփումները տեղի պիտի ունենան այս ամսուան կէսերուն։
Ներքին գործոց նախարար Էֆքեան Ալա յայտարարեց, որ անվտանգութեան ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած հակաահաբեկչական գործողութիւնները քանի մը օրուան ընթացքին պիտի աւարտին Ճիզրէի մէջ։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան վերջերս այցելեց Երեւանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարան եւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահ։
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Մեր սրտերն ու դռները բացինք այն մարդոց առջեւ, որոնք խոյս կու տան ռումբերէն»: