Լրահոս
ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան նորանշանակ ղեկավար դեսպան Փիոթըր Սվիթալսքին, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒ
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը երէկ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան տեսակցեցաւ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի հետ:
«THE GUARDIAN»Ի ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ
Անգլիական «The Guardian» հեղինակաւոր օրաթերթը գրեց, թէ ԻՒՆԷՍՔՕ պէտք է քննադատէ Ատրպէյճանի կողմէ Ջուղայի խաչքարերու կազմակերպուած աւերումը։ Ինչպէս ծանօթ է, 2005 թուականին Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած ձեւով ոչնչացուած էին համամարդկային ժառանգութեան այդ կարեւոր ու անկրկնելի արժէքները։
ՎԻՐԱՀԱՅՈՑ ՄԱՍԻՆ ՅՕԴՈՒԱԾ
«The Tbilisi Times» վրացական թերթը ծաւալուն յօդուած մը հրապարակեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Վիրահայոց Թեմի գործունէութեան շուրջ։ Այս յօդուածին կցուած են նաեւ շարք մը լուսանկարներ։
ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ՀԱՅՐԻ ԻՆԷՕՆԻՒ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՍԵՄԻՆ ՄԵԾԱՐԵՑ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՏՆՕՐԷՆՆԵՐԸ
ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱԿԱՆ ՀԷՆՔ
Արցախի ղեկավարութիւնը արձագանգեց ռուս խաղաղապահներու տեղակայման հարցին՝ Stratfor-ի վերջին պնդումներուն լոյսին տակ։
Մարիա Զախարովա. «Մոսկուա ամէն ինչ կ՚ընէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերջնական լուծումը մօտեցնելու համար»։
ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՑՈՅՑ
Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ահաբեկչութեան դէմ բողոքի մեծ ցոյց մը։ «Ո՛չ ահաբեկչութեան, այո՛ եղբայրութեան» կարգախօսով կազմակերպուած ցոյցին շրջագծով տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ Սըհիէի հրապարակէն երթ մը իրականացուցին դէպի Ուլուս՝ Թուրքիոյ առաջին խորհրդարանի շէնքը։
ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Անգարա եւ Մոսկուա կը ջանան Մերձաւոր Արեւելքի վերաբերեալ գտնել հասարակաց կէտեր:
Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու եւ Սէրկէյ Լաւրով երէկ տեսակցեցան Սեւ ծովու առափնեայ քաղաքին մէջ:
ԷՐՏՈՂԱՆ ԶՐՈՒՑԵՑ ՕԼԱՆՏԻ ՀԵՏ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այս օրերուն իրերայաջորդ շփումներ կ՚ունենայ եւրոպական յառաջատար երկիրներու ղեկավարներուն հետ։ Այսպէս, ան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հետ։