ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԱՅԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ
Եւրոպական միութեան երկիրներուն ղեկավարները գագաթաժողով մը գումարեցին Պելժիոյ մայրաքաղաքը՝ Պրիւքսէլի մէջ: Յառաջատար անուններ յայտնեցին, թէ Թուրքիոյ հետ վիզաներու վերացման գործընթացը պիտի արագացուի եւ նոր գլուխներ պիտի բացուին բանակցութիւններուն մէջ:
Դասական երաժշտութեան «Վերադարձի փառատօն»ը, որ պիտի կայանայ ութերորդ անգամ, լեցուն պիտի ըլլայ առաջին անգամ ներկայացող ստեղծագործութիւններով։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ «Հայոց ցեղասպանութիւն-100. ճանաչումէն հատուցում» խորագրեալ միջազգային գիտաժողովը։
Էնտոնեզիոյ Հանրապետութեան Տարածքաշրջանային ներկայացուցիչներու պալատի (ծերակոյտ) նախագահ Իրման Կուսմանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։