ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ
Կէորկի Մարկվելաշվիլի եւ Իլհամ Ալիեւ երէկ հանդիսաւորապէս ստորագրեցին կարեւոր փաստաթուղթ մը:
Թիֆլիզի եւ Պաքուի ղեկավարութիւնները հերթական անգամ կ՚ընդգծեն իրենց գործընկերութեան ռազմավարական բնոյթը:
Կէորկի Մարկվելաշվիլի եւ Իլհամ Ալիեւ երէկ հանդիսաւորապէս ստորագրեցին կարեւոր փաստաթուղթ մը:
Թիֆլիզի եւ Պաքուի ղեկավարութիւնները հերթական անգամ կ՚ընդգծեն իրենց գործընկերութեան ռազմավարական բնոյթը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի սադրանքները ուղղուած են խոչընդոտելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացը։ Ինչպէս ծանօթ է, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի շփման գծին վրայ վերջերս ապրուեցաւ զգայացունց դէպք մը, երբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կ՚իրականացնէին դիտարկում մը։ Երբ անոնք կը հատէին շփման գիծը, դիտարկման վերջին հանգրուանին լսուեցան կրակոցներ։
Երէկ, Երեւանի մէջ յոբելենական հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Պէյրութի Հայկազեան հայագիտական համալսարանի հիմնադրութեան 60-ամեակին առթիւ։ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահութեան նիստերու դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն ընթացքին միեւնոյն ժամանակ իրականացուեցաւ «Հայկազեան» հայագիտական հանդէսի 35-րդ հատորին շնորհանդէսը։
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ ծանրածանր պայմաններ կը վիճակին Հալէպի։ Պատերազմական ողբերգութեան զուգահեռ քաղաքն ու անոր բնակիչները յաճախակիօրէն դէմ յանդիման կը մնան աներեւակայելի դժուարութիւններու։
Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան, Հայաստանի Ելմտական նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանին միջեւ վերջերս ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը, որ կը վերաբերի Երեւանի 28 փողոցներու լուսաւորութեան համակարգին։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին Երեւանի 28 փողոցներուն մէջ պիտի հաստատուի լուսաւորութեան նոր դրութիւն մը, որ ուժանիւթ խնայելու ընդունակութիւններով օժտուած է։
Լիբանանի, Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի հայկական վարժարաններու կացութեան շուրջ ընդհանուր համեմատութիւններ եւ վիճակագրական տուեալներ:
Արեւմտահայերէնի ուսուցման հարցերուն շրջագծով Տքթ. Անահիտ Տօնապետեան խօսեցաւ հայ դպրոցի առաւելութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին:
Անգարա կը ձգտի բոլոր ուղղութիւններով զարգացնել Էրպիլի հետ համագործակցութիւնը:
Թրքական կողմը կը փափաքի Հիւսիսային Իրաքէն ՓՔՔ-ի ամբողջութեամբ դուրս թողուիլը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ՝ մասնակցելու համար ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր համաժողովի 38-րդ նստաշրջանին, որուն շրջագծով նախատեսուած է նաեւ իր ելոյթը։