ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐ
Թէ ի՞նչ կը պատահի ներկայ դարուս մէջ, աւելի ճշգրիտ եւ արդար ըլլալու համար, պահ մը անդրադառնանք մեր մօտիկ ժամանակակից տարիներուն մէջ կատարուած իրադարձութիւններուն, մարդկային զոհերուն եւ անոնց պատճառած վնասներուն ակնարկութեամբ։ Արար աշխարհ ականատես եղած եւ իմացած է, թէ որքա՜ն զարհուրելի պատկերներ են անոնք, որոնք կը ներկայանան այս անասնաբնակ եւ մարդաբնակ, բայց անմարդկային աշխարհին աչքերուն առաջ։
Պեռնի մէջ շարունակուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցութիւնները՝ Զուիցերիոյ կառավարութեան «Լանտկութ Լոհն» համալիրէն ներս:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները այսօր կը տեսակցին Պեռնի մէջ:
Կիւմրիի մէջ ռուսական ռազմակայանի համալիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ անցեալ Յունուարի 12-ին Աւետիսեաններու ընտանիքի եօթ անդամները սպաննած ռուս զինուորական Վալերի Փերմեաքովի դատավարութեան առաջին նիստը։ Հայաստանի Շիրակի մարզի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանին կողմէ կը դատուի մեղադրեալը, դատաւոր Յարութիւն Մովսէսեանի գլխաւորութեամբ։