ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՐԻՒՐ ԼԱՒԱԳՈՅՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծանուն աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան մաս կազմեց 2015 թուականի լաւագոյն հարիւր ֆութպոլիստներու ցանկին։ Անգլիական «The Guardian» պարբերականը հրապարակեց ֆութպոլի մէջ այս տարուան լաւագոյններուն ցուցակը, որու մէջ 77-րդ կարգը զբաղեցուց Հենրիխ Մխիթարեան, որ մաս կը կազմէ Հայաստանի ազգային հաւաքականին եւ «Պորուսիա Տորտմունտ»ի մարզաշապիկով հանդէս կու գայ Գերմանիոյ մէջ։
Հայաստան եւ Ռուսաստան պաշտօնապէս միաւորեցին իրենց հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը Կովկասի տարածքաշրջանէն ներս:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ Պեռնի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած հանդիպման լոյսին տակ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ընդհանուր քարտուղարը յոյս յայտնեց, թէ նախագահներուն հանդիպումը պիտի մօտեցնէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ գործընթացը։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու կը ծրագրէ մինչեւ տարեվերջ տեսակցիլ ընդդիմութեան ղեկավարներուն հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, վարչապետը ժամադրութիւն պահանջած է, որպէսզի Դեկտեմբերի 30-ին մէկտեղուի Ազգային մեծ ժողովէն ներս ներկայացուած բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։