Լրահոս
ՀԱԼԷՊԻ «ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏ»Ը Կ՚ՈՒՇԱՆԱՅ. ԻՆՉՈ՞Ւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցնող օրերուն Հալէպի վրայ ինկած են երեք հարիւր հրթիռներ եւ հրթիռարձակումները եղած են աննախընթաց: Երեք օրերու վրայ տեղի ունեցած ռմբակոծումներուն հետեւանքով զոհերուն թիւը հասած է քառասունի, մինչ վիրաւորներուն թիւը հատած է երկու հարիւրը:
ԽԺԴԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ԱՆՅԱՐԻՐ
Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանէն միշտ շինիչ խօսքեր:
«Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութիւնը չէ ձեւաւորած իր նոր համակարգող խումբը:
ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ԱՅՑ
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շրջագծով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին յառաջիկայ շրջանին հերթական անգամ այցելել հակամարտութեան տարածքաշրջան։
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ Անթիլիասի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։ Տեսակցութեան ներկայ էր նաեւ Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան։
ՄԱՐՍԷՅԼԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Անթիլիասի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընդունեց Պէյրութի մօտ Զուիցերիոյ դեսպան Ֆրանսուա Պարրասը։
Ո՞ՒՐ ԵՍ ՊԱՐՈՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Բաղրամեանի վրայ յայտնուած տեսարանը մի քանի կարեւոր իրադրութիւններ պարզեց: Մեր բոլորին մտավախութիւնը ոստիկանութեան ուժ կիրառելու վտանգն էր:
ՄԻՆՍՔԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ քննարկումներ:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան. «Հայաստան Եւրոպական միութեան հետ ունի համապարփակ գործընկերութիւն ու կը կարեւորէ քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացումը, նաեւ խորացումը առեւտրական ու տնտեսական համագործակցութեան»: