ՊԵԼԺԻՈՅ ՄԷՋ ԲԱՆԱՁԵՒ
Պելժիոյ Ներկայացուցիչներու պալատը երէկուան իր լիուագումար նիստին ընթացքին քննարկեց հայկական հարցին վերաբերեալ այն բանաձեւը, որ նախապէս արժանացած էր Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի հաւանութեան։
ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու անդրադարձաւ համախոհական կառավարութիւն մը ստեղծելու ուղղութեամբ գործընթացին եւ ԱՔ կուսակցութեան հետ յառաջ տարուած շփումներուն։
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան վերջերս այցելեց Հանքաւանի «Լուսաբաց» ճամբարը, ուր այս տարի Հայաստանէն, Արցախէն եւ Ջաւախքէն շուրջ երեք հարիւր յիսուն երախայ կ՚անցընէ իր ամրան արձակուրդը։
Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ այս առաւօտ Պաքուի մէջ տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ, որոնք այցելութիւն մը կ՚իրականացնեն դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։
Արցախի ճակատին վրայ լարուածութիւնը հետզհետէ կը բարձրանայ։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Մարտունիի եւ Ասկերանի ուղղութեամբ կ՚ապրուի խտացեալ փոխհրաձգութիւնը։
Սուրուչի ահաբեկչութեան տեղի տուած հակազդեցութեան ալիքը կը բնորոշէ երկրին օրակարգը:
ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի միջեւ նախատեսուած քննարկումները երէկ սկսան: