ՔԱՐՏԱՇԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Ամերիկահայ յայտնի հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ երէկ երեկոյեան ժամերուն ան դիմաւորուեցաւ Ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի ղեկավար Արման Խաչատրեանի կողմէ։ Քիմ Քարտաշեանի հետ են իր ամուսինը, դուստրը եւ քոյրը։




Յունիս 7-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, երէկ, քաղաքական կուսակցութիւնները Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդին ներկայացուցին իրենց երեսփոխանական թեկնածուներուն ցուցակները։ Երկրի քաղաքական օրակարգին վրայ առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ դարձան թեկնածուները, որոնց շարքին կը գտնուին նաեւ թրքահայ համայնքէն դէմքեր։
