Լրահոս

ՀԵՐԻ ՓՈԹԸՐԻ ՄԱՍԻՆ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԻԾ

«HBO»ն եւ «Warner Bros»ը Հերի Փոթըրի մասին հեռուստաշար մը կը նկարահանեն։ Այսպէս, ամերիկեան «HBO» հեռուստաընկերութիւնը «Warner Bros»ի հետ համագործակցաբար կը նկարահանեն՝ մանկահասակ հրաշագործ Հերի Փոթըրի մասին պատմող շարժանկարի հիման վրայ հեռուստաշար մը։

ԲԱԽՏՈՐՈՇ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ

Արցախի պատերազմէն վերջ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու ապագան միշտ օրակարգի վրայ:
«Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հաստատումը կ՚ըլլայ էական եւ անհրաժեշտ քայլ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը բարձրացնելու եւ որպէս միջազգային իրաւունքի առարկայ՝ երկրին կարեւորութիւնը աւելցնելու համար»:

ՓՈԽ-ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՄԻՆՉԵՒ ԱՄՍԱՎԵՐՋ

Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու մակարդակով երկրորդ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ ներկայ ամսուան մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան զուգահեռ՝ այս երեք երկիրներու փոխ-վարչապետները՝ Մհեր Գրիգորեան (Հայաստան), Ալեքսէյ Օվերչուք (Ռուսաստան) եւ Շահին Մուսթաֆաեւ (Ատրպէյճան) Մոսկուայի մէջ իրենց առաջին հանդիպումը ունեցած էին 30 յունուարին։

ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅԻՆ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ քորոնաժահրով վարակուած ըլլալով Լոնտոնի մէջ դարմանման ենթարկուած էր, ապաքինած է մեծաւ մասամբ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ բժիշկներու վերահսկողութեան տակ, տնային պայմաններու ներքեւ կը շարունակուի Արմէն Սարգսեանի բուժումը։

«ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ»Ի ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Հայաստանի քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ թէեւ իշխանութիւնները մեծ ջանքեր կը գործադրեն բնականոն վիճակի տպաւորութիւն ստեղծելու համար, սակայն ընդդիմութիւնը կը շարունակէ հետապնդել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը ապահովելու նպատակը՝ յետպատերազմեան ծանր եւ անանտեսելի հետեւանքներու լոյսին տակ։

ՊՈՂԱԶԻՉԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ԶՈՒԳՈՐԴՈՒԻՆ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐՈՎ

Պողազիչի համալսարանի վերաբերեալ որոշ իրադարձութիւններ այս շրջանին առարկայ կը դառնան հանրային կարծիքի ուշադրութեան։ Նոր վերատեսուչի նշանակումով պայմանաւորուած անհանգստութիւններէ սկսալ, մինչեւ սրբութիւններու դէմ անարգանքի խնդիրներ՝ շարք մը գործօններ պատճառ դարձած են որոշ լարուածութեան։

ԱՌԱՋԻՆ ՇՓՈՒՄԸ

Անգարայի եւ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւններուն միջեւ երէկ բարձր մակարդակի վրայ շփում մը տեղի ունեցաւ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահ Ճօ Պայտընի իշխանութեան գլուխ գալէն ի վեր առաջին անգամ բարձր մակարդակի վրայ կապ մը հաստատուեցաւ Թուրքիոյ հետ։

Էջեր