Լրահոս

ՄՇՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ

Հայաստանի Հանրապետութիւնը մշտական ներկայացուցիչ մը հաւատարմագրեց՝ ՄԱԿ-ի Նաիրոպիի գրասենեակին եւ տեղւոյն երկու գործակալութիւններուն մօտ։ Մշտական ներկայացուցիչի պաշտօնը վստահուած է դեսպան Սահակ Սարգսեանին, որու նստավայրը կը գտնուի Ատիս Ապապայի մէջ։

ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Նաիրոպիի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Սահակ Սարգսեան երէկ իր հաւատարմագիրը յանձնեց Քենիայի նախագահ Վիլիըմ Ռութոյին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, դեսպանի եւ նախագահի զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս համագործակցութեան ամրապնդման հեռանկարներուն։

ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՇԱՏ ԱՆՈՐՈՇ ՍՊԱՍՈՂԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ

Սուրիոյ տագնապալի մթնոլորտի պայմաններով, երբ Հալէպը ընդդիմութեան զինեալներու հակակշռին տակ անցած է, համայն հայաշխարհը մտահոգուած է տեղւոյն հայութեան համար։ Հանրային կարծիքէն խաւեր կ՚ակնկալեն Հալէպի հայութեան Հայաստան տարհանումը։

ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Սուրիոյ իրադարձութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, երէկ, Անգարա-Մոսկուա առանցքին ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփում մը տեղի ունեցաւ։ Թուրքիա եւ Ռուսաստան, որոնք Իրանի հետ միասին կը փորձեն իրադարձութիւնները հունաւորել, Հալէպի ընդդիմադիր զինեալներու ձեռքը անցնելէ վերջ արժեւորեցին իրավիճակը։

ԱՐԱՂՉԻ-ՊԱՅՐԱՄՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ ընդունեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Իրանի Մաշհատ քաղաքին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 28-րդ հաւաքը։

Էջեր