Լրահոս

194 ՏԱՐԻ ԱՆՑ…

Լուտվիկ վան Պեթհովենի 10-րդ սիմֆոնին աւարտին հասած է հանճարեղ յօրինողի մահէն 194 տարի վերջ։ «Daily Mail»ի հաղորդմամբ՝ ստեղծագործութիւնը աւարտին հասցուած է արհեստական բանականութեան օգնութեամբ:

ՀԱՄԱԽՄԲՄԱՆ ՊԱՏԳԱՄԱԲԵՐ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Հռոմէն.-

«Մենք կու գանք երկրէ մը, ուր Ամենակալի նախախնամութեան ձեռքով պատմութեան ընթացքին ամէն քարի տակ ու աւազահատիկի մէջ խտացած է քրիստոնէական վկայութիւնը»:
Համաքրիստոնէական քարոզիչ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Սրբազան Պապին եւ Տիեզերական Պատրիարքին հետ նախագահեց էքիւմենիք արարողութեան, որու ընթացքին խօսք ուղղեց հաւատացեալներու հոծ բազմութեան: Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Գիրքէն մէջբերումներ ըրաւ հայերէնով:
Հռոմի պատմական «Քոլոսէում»ին շուրջ Սուրբ Էճիտիօ համայնքին կսղմէ կազմակերպուած միջեկեղեցական աղօթքին եւ յաջորդած միջկրօնական հաւաքին ներկայ էր նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել: Արձակման փուլին հոգեւոր պետերը սիրոյ ողջոյն փոխանցեցին մանուկներու հետ:
«Խաչի ճանապարհով անցնելու տէրունաւանդ փորձառութեան վրայ խարսխուած է խաղաղութիւնը, որ Աստուծոյ հետ հաշտութիւնն է՝ հաճութեան եւ համերաշխութեան մարդկային կեանքի մէջ հաստատումով»:

ԶԳԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ամբողջ կշիռը ի գործ կը դնէ՝ միջազգային հաւաքականութեան եւ համաքրիստոնէական ընտանիքին ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար՝ յետպատերազմեան շրջանին Հայաստանի եւ Արցախի կողմէ դիմագրաւուած ծանր մարտահրաւէրներուն վրայ, գերիներու ազատ արձակումով հանդերձ:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ հայրապետը ծաւալուն ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հռոմի «Լա Նուվոլա» համագումարներու կեդրոնի երդիքին տակ, Սուրբ Էճիտիօ համայնքին կողմէ կազմակերպուած «Ժողովուրդները՝ որպէս եղբայր, ապագայ երկրագունդը. կրօններն ու մշակոյթները երկխօսութեան մէջ» հաւաքի շրջանակներէն ներս:
«Աշխարհի վրայ շատեր ամէն օր կ՚ենթարկուին տիրապետելու մոլուցքէն, անարդարութենէ ծագած բռնութեան զանազան դրսեւորումներու, որոնք կը ստեղծեն՝ ատելութեան ծնունդ տուող հոգեւոր ամայութիւն»:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐԸ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ ԿԸ ՀԱՄԱՐԵՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ

Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին յաջորդած իրադրութեան մէջ տարածքաշրջանի դերակատարներուն միջեւ խտացեալ շփումները կը շարունակուին։ Երէկ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Հռոմէն.-

Վեհափառ Հայրապետը այսօր հանդէս կու գայ ելոյթով եւ երեկոյեան ժամերուն կը մասնակցի խաղաղութեան աղօթքի:
Սուրբ Էճիտիօ համայնքին կազմակերպած «Ժողովուրդները՝ որպէս եղբայր, ապագայ երկրագունդը» միջազգային հաւաքը լուսարձակի տակ կը բերէ մարդկութեան հրատապ հարցերու զանազան դրսեւորումներն ու առիթ կ՚ընձեռէ լուծման հեռանկարներուն շուրջ կարծիքի փոխանակումներ ունենալու:

ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Հռոմի շփումներուն ընթացքին միշտ կ՚ընդգծէ յետպատերազմեան պայմաններով Հայաստանի կողմէ դիմագրաւուած մարտահրաւէրները:
Նորին Ամենապատուութիւնը բոլոր հարթութիւններու վրայ կ՚արտայայտէ գերիներու ազատ արձակման սպասումը եւ կը մերժէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին կրօնական բնոյթ վերագրելու փորձերը:

ՄԱՀ՝ ՎԻԳԷՆ ՉԻՏԷՃԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է հայկական դիւանագիտութեան երիցագոյն ներկայացուցիչներէն մին՝ դեսպան Վիգէն Չիտէճեան։ Հայաստանի նորագոյն անկախութեան ձեռքբերման շրջանին կարեւոր պետական պաշտօններ, բարձր պատասխանատուութիւններ ստանձնած անձնաւորութիւն մըն էր Վիգէն Չիտէճեան։

ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՋԵՐՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առաւօտ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։ Քաղաքապետութեան համալիրէն ներս երկու հայրապետները ողջագուրուեցան եղբայրաբար։

ՅԱՒԻՏԵՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՅԱՐԱՏԵՒԵԼ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Հռոմէն.-

«Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ գիտենք մահուան յաղթել, խաչի ճանապարհով քալել ու յարութիւնը տօնախմբել։ Ցաւի թմբիրէն պիտի զարթնինք եւ պիտի կերտենք վաղուայ լուսաւոր օրը»:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Հռոմ հասնելէ վերջ երէկ երեկոյեան յայտնի խումբ մը ազգային գործիչներու հետ հանդիպման ժամանակ անդրադարձաւ հայ իրականութեան առկայ հրատապ կացութեան: ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բաժակաճառ մը խօսելով դրուատեց Նորին Սրբութեան տեսլականը:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.- «Մեր հաւատքի ակունքը Սուրբ Էջմիածինն է, որու ոգին վստահութիւն կը ներշնչէ։ Այս օրերուն մեր համախմբումը մխիթարութիւն է։ Պահենք մեր ընթացքը Աստուծոյ հետ»:

Էջեր