ՓԱՇԻՆԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՓԱՐԻԶ ԵՒ ՊՐԻՒՔՍԵԼ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր երկօրեայ ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Եւրոպա։ Իր աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս շփումներ նախատեսուած են Փարիզի եւ Պրիւքսելի մէջ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր երկօրեայ ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Եւրոպա։ Իր աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս շփումներ նախատեսուած են Փարիզի եւ Պրիւքսելի մէջ։
Թուրքիա եւ Յունաստան այս շրջանին միշտ կը ձգտին յաղթահարել իրենց առկայ տարաձայնութիւնները:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վերջին օրերուն բարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ Աթէնքի մէջ:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ այս օրուան դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ կը հաստատուի նոր դրութիւն մը։ Երէկ, Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ կառավարութեան հերթական նիստը՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։
Արա Այվազեան հրաժեշտ տուաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան անձնակազմին:
Հայկական դիւանագիտութիւնը ծանր շրջան մը կը դիմագրաւէ՝ Փաշինեանի կառավարութեան քայլերուն բերումով:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, երկու նախարարները տակաւին քանի մը օր առաջ Մոսկուայի մէջ կարեւոր բանակցութիւններ վարած էին՝ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ Հայաստանի սահմաններուն դէմ կատարուած ոտնձգութիւններով պայմանաւորուած ծանր իրավիճակին մէջ։
Փրակի «Օրեր» ամսագիրը հաղորդեց, որ պուլկարահայ գործարար Արթուր Յովհաննիսեան վերընտրուած է Եւրոպայի հայերու միութեան նախագահ։ Մայիսի 30-ին տեղի ունեցած է այս միութեան խորհուրդի ժողովը՝ առցանց դրութեամբ։
Պրիւքսելի մէջ 15 յունիսին տեղի պիտի ունենայ կարեւոր գագաթաժողով մը։ Այսպէս, Եւրոմիութեան անդամ 27 երկիրներու եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները պիտի մէկտեղուին, ինչ որ կարեւոր նշանակութիւն ունի միջազգային բեմահարթակի այժմու համայնապատկերին տեսակէտէ։
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան հետեւողական աշխատանք կը տանին ռազմական բնագաւառի մէջ իրենց համագործակցութիւնը խորացնելու ուղղութեամբ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, «ԹԱՍՍ» ռուսական գործակալութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ 3 յունիսին նախատեսուած է Թուրքիա-Ատրպէյճան բարձր մակարդակով զինուորական երկխօսութեան 13-րդ նիստը։
Հայաստանի մանկավարժական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Կեանքը եւ վէպի ընդգրումները. ազդեցութիւններ եւ զարգացման ուղենիշներ» նիւթով միջազգային գիտաժողով մը, որու մասին «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնէն ստացանք հետեւեալ լրատուութիւնը.-
Արեւելագէտ, դեսպան Դաւիթ Յովհաննիսեան. «Հայաստան պէտք է Ռուսաստանէն ետ վերցնէ անվտանգութեան հարցերու գծով որոշում առնելու իրաւունքը»:
«44-օրեայ պատերազմին Անգարա ստիպեց, որ Մոսկուա նահանջէ եւ տարածքաշրջանէ ներս իր ազդեցութիւնը լրջօրէն կորսնցնէ։ Պէտք չէ հաւատալ այն քարոզչութեան, թէ միակ շահողը ռուսերը եղած են»: