ՄԻՇՏ ՀԱՄԱՏԵՂ ՌԱԶՄԱՓՈՐՁ
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար զօրավար Քերիմ Վելիեւ երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Անգարա։ Ան հանդիպումներ ունեցաւ Ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-նախագահ զօրավար Սելչուք Պայրաքթարօղլուի եւ յատուկ նշանակութեամբ զօրքերու հրամանատար զօրավար Էօմէր Էրթուղրուլ Էրպաքանի հետ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երէկ, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Խաչվերացի տօնին առթիւ պատարագեց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսիսքեան միաբանութենէն Հայր Անտրէա։
Ատրպէյճանի ոստիկանները սկսած են Որոտանի մէջ փաստաթուղթերու ստուգման ենթարկել Իրանի այն բեռնատարներն ու վարորդները, որոնք մուտք կը գործեն Հայաստանի տարածքը:
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը որոշուած չի համարեր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ամերիկացի դեսպանը շաբաթավերջին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։
Մեծն քսանեակի («G20») շրջանակներէն ներս այսօր միջազգային շատ կարեւոր ֆորում մը տեղի կ՚ունենայ Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին մէջ։ «G20»ի իտալական նախագահութեան շրջանակներուն մէջ կազմակերպուած այս ֆորումին կը մասնակցի նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։
Տիարպաքըրի երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէ ներս օրակարգի վրայ բերաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման վերաբերեալ խնդիրները։ Սահմանադրութեան 98-րդ եւ խորհրդարանի ներքին կանոնակարգի 96-րդ եւ 99-րդ յօդուածներու տրամադրութիւններուն հիման վրայ Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովի դիւանին յղեց հարցադրում մը՝ պահանջելով, որ գրաւոր պատասխան տրուի Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայի կողմէ։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը երէկ Երեւանի մէջ ժողով մը գումարեց՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւանի մէջ «Անտարես» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է պատմաբան ու նախկին դիւանագէտ Ժիրայր Լիպարիտեանի՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ գիրքը։ «Հայաստան-Թուրքիա. Պետականութիւն, պատմութիւն, քաղաքականութիւն» աշխատութեան առաջին հատորն է այս մէկը, որ կը ներառէ հեղինակի՝ զանազան տարիներուն հրապարակուած յօդուածներն ու հարցազրոյցները, առաջին անգամ հայերէնով ներկայացուած վերլուծութիւններ, մեծ թիւով անտիպ նիւթեր։