ՍԻՒՆԻՔԻ ՄԷՋ ԴԱՐՁԵԱԼ ՆԵՐԽՈՒԺՈՒՄ
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աղբիւրները հրապարակեցին Սիւնիքի մարզի իրավիճակին վերաբերեալ հերթական զգայացունց տեղեկութիւնները։ Այսպէս, երէկ կէսգիշերին մօտ, Ատրպէյճանի զօրքերը փակած են Կապան-Գորիս միջպետական ճանապարհի Կարմրաքար-Շուռնուխ հատուածը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Թէեւ կ՚ըսենք, թէ «ապիկար կառավարումը հասցուցած է պարտութեան», բայց, միջազգային գետնի վրայ պէտք է ներկայացնել, որ այս պատերազմին յանցագործը Պաքուն է»:
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու արագ ապաքինում մաղթեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին, որ վիրահատութեան մը ենթարկուած ըլլալով ապաքինման շրջանը կը բոլորէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։
Յայտնի թրքագէտ ակադեմիկոս Ռուբէն Սաֆրաստեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին հետաքրքրական հարցազրոյց մը տուած է Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն շուրջ։ Ակադեմիկոս Սաֆրաստեան յաճախ խորհրդածութիւններով հանդէս կու գայ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն առընչութեամբ։
Երիտասարդներու զուարճութիւնը որքա՜ն վառ դրուագ մը կը ցոլացնէ. խանդավառութիւն, ուրախութիւն, բարձր տրամադրութիւն... Ամէն ինչ աշխարհի վրայ ունի իր հակառակը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհաւորեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանը։ Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդած էին, որ վերջին օրերուն Վեհափառ Հայրապետին եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր միջեւ տեղի ունեցած էր հեռախօսազրոյց մը։
Փաշինեան այս առաւօտ խորհրդարանէն ներս ներկայացուց իր կառավարութեան հնգամեայ ծրագիրը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը արագ ապաքինում մաղթեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին, որ անցեալ շաբաթ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ վիրահատութեան մը ենթարկուած ըլլալով՝ ներկայիս դարմանման տակ կը գտնուի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս շրջանին բժշկական հսկողութեան տակ է եւ նկատի ունենալով, որ համաճարակի շրջանով պայմանաւորուած յաւելեալ ռիսքեր խնդրոյ առարկայ են՝ բժիշկներու խորհուրդով իր շփումները սահմանափակուած են եւ չ՚ընդունիր այցելութիւններ։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, համերգով մը հանդէս եկաւ «Պողազիչի» երիտասարդական երգչախումբը՝ Մասիս Արամ Կէօզպեքի մականին ներքեւ։