ԱՐԺԷՔԻ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան ցաւակցական մը հրապարակած է Մխիթարեան միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանի վախճանման կապակցութեամբ։ Ան այս ցաւակցականը ուղարկած է Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանին, որ Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակն է։
Պէշիկթաշի քաղաքապետարանը այս շրջանին ձեռնամուխ եղած է ծրագրի մը, որով մէկտեղուեցան ընկերային զօրակցութեան կարօտ ընտանիքներ եւ բարերարներ։ «Պէշիկթաշի կարիքներու քարտէսի ընկերային աջակցութեան կառավարման դրութիւն» կոչուած այս ծրագրի ծանօթացումը երէկ տեղի ունեցաւ «Մուսթաֆա Քեմալ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ կազմակերպուած մասնաւոր հաւաքոյթով մը։
Կեանքէն հեռացած է Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Դերենիկ Մարտիրոսեան։ Մահացած է Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Դերենիկ Մարտիրոսեան, որ եղած է Երեւանի «Յովհաննէս Թումանեան» պետական տիկնիկային թատրոնի յառաջատար դերասան, բեմադրիչ, հեղինակ։
«Առաջին անգամ». Սիրուշոն երկրպագուներուն ներկայացուցած է իր նոր երգը։
Իվեթա Մուկուչեան հրապարակած է «Մեծ հայկական հարսանիք» երգի տեսահոլովակը։ Իվեթա Մուկուչեան, որ ապրիլի 7-ին երկրպագուներուն տօն նուիրեց մենահամերգով՝ կատարելով հին ու նոր երգեր, կը շարունակէ հանդէս գալ նորութիւններով:
Քորոնաժահրի բրիտանական հիմնամանրէի եւ բարձր մահացութեան միջեւ կապեր չեն ստուգուած։ Այսպէս, գիտնականներ չեն կրցած երեւան բերել այն ապացոյցները, թէ քորոնաժահրի բրիտանական հիմնամանրէն կը յանգեցնէ հիւանդութեան աւելի ծանր ընթացքի կամ աւելի վտանգաւոր է մահացութեան տեսակէտէ:
Մինչեւ քառասուն տարեկան միլիառատէրերու թիւը տարուայ մը ընթացքին հասած է 79-ի։ Աշխարհի վրայ աւելի քան 1 միլիառ ամերիկեան տոլար կարողութեամբ մինչեւ քառասուն տարեկան միլիառատէրերու թիւը այս տարի աւելցած է մինչեւ 79-ը, ինչ որ 26-ով աւելի է, քան 2020 թուականին:
Հայաստանի ընթերցասէրներուն ներկայացուեցաւ Սթեֆըն Հաուքինկի «Համառօտ պատասխաններ՝ կարեւոր հարցումներուն» գիրքը։
Աշխարհ արդեօք պիտի կարենա՞յ փրկուիլ քորոնաժահրի համավարակէն, պիտի կարենա՞յ շարունակել իր բնականոն կեանքը նախկինին նման։ Հաւանաբար, կան յոյսեր, որովհետեւ արդէն կ՚առնուին որոշումներ յառաջիկայ տարուան համար։
Դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի կողմէ հաւաստիացումներ. «Հայ գերիներու վերադարձի հարցը Ռուսաստանի առաջնահերթութիւններու շարքին է»: