ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՅԻՇԵՑՈՒՑ ԱՆՑԵԱԼԻ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐԸ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն շուրջ կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ NTV-էն։ Այս ամբողջին մէջ ան անդրադարձաւ այն հաւանականութեան, թէ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն յառաջիկայ 24 Ապրիլի պատգամին մէջ կրնա՞յ օգտագործել ցեղասպանութիւն բառը կամ ոչ։
Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս այսօր Թուրքիա կ՚այցելէ՝ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հրաւէրին ընդառաջ։ Իրականութեան մէջ, այս այցելութիւնը տեղի պիտի ունենար երէկ, սակայն օր մը յետաձգուեցաւ՝ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներու ժողովին պատճառով։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ցաւով արձագանգած է Մխիթարեան միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանի վախճանման գոյժին։ Նախագահ Սարգսեան այս կապակցութեամբ ցաւակցական մը ուղարկած է Մխիթարեան միաբանութեան Քահանայապետական պատուիրակ Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանին, որ միեւնոյն ժամանակ Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւորն է։
Արմէն Սարգսեան խորհրդակցեցաւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ղեկավարութեան հետ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր պաշտօնական այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Վրաստան։ Դէպի Թիֆլիզ ուղեւորութեան իրեն կ՚ընկերանայ նաեւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի եւ մայր տաճարի համալիրի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ բացուած դատի՝ գործնականօրէն առաջին նիստը տեղի ունեցաւ 30 մարտին, իսկ յաջորդ ունկնդրութիւնը նախատեսուած է 6 մայիս 2021 թուականին:
Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի լուսանկարիչը յուղարկաւորուեցաւ Շիշլիի յունաց գերեզմանատան մէջ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Երկու ղեկավարներու շփումը տեղի ունեցաւ՝ երբ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ ստեղծուած է ծայր աստիճան լարուած իրադրութիւն մը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) երէկ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Համանախագահները գոհունակութեամբ մատնանշեցին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի ամրապնդումը։