ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Թուրքիոյ եւ Յունաստանի պատուիրակութիւններուն միջեւ այսօր բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան Իսթանպուլի մէջ։ Երկու հարեւան երկիրներու միջեւ հինգ տարուան ընդհատումէ մը վերջ կը ծաւալուին քննարկումներ։ Անցեալ ժամանակաշրջանը Անգարա-Աթէնք առանցքին վրայ բնորոշուեցաւ լուրջ լարուածութիւններով։