Լրահոս

ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ

Լիբանանի Երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարար Վարդինէ Օհանեան, որ վերջին օրերուն Հայաստան այցելեց՝ որպէս նախագահ Միշել Աունի յատուկ ներկայացուցիչը, երէկ բարձր մակարդակի վրայ շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Այս ծիրէն ներս ան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։

ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒՄ

Լիթվայի Արտաքին գործոց նախարար Կապրիէլիուս Լանտսպերկիս երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, ուր Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեցին հիւր նախարարը։

ՓԱՇԻՆԵԱՆԷՆ ՁԵՒԱԿԱՆ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն եւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան արդէն ընդունեց կառավարութեան հրաժարականը։
Սա ձեւական հրաժարական մըն է՝ յետպատերազմեան շրջանին Հայաստանէ ներս ծագած քաղաքական լուրջ տագնապի մը մթնոլորտին մէջ։

ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին Ապրիլի 24-ի առթիւ հրապարակեց պատգամ մը։ Իր յայտարարութիւնը այս տարի ալ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքին հասցէագրուած ուղերձի մը ձեւաչափին մէջ էր։ Նախագահ Էրտողան դրական մօտեցումներ արտայայտած եւ հաշտ ապագայի մը ձգտումը ընդգծած է այս պատգամին մէջ, որու թրքերէն բնագիրը կը ներկայացնենք ստորեւ։

ԱՄՆ ՃԱՆՉՑԱՒ

Այս տարուայ Ապրիլի 24-ին Սպիտակ տունէն կատարուած յայտարարութիւնը հայկական հարցին տեսակէտէ նոր վիճակ մը ստեղծեց միջազգային բեմահարթակի վրայ: Նախագահ Ճօ Պայտընի պատգամին մէջ 1915-ի դէպքերը որակուեցան ցեղասպանութիւն, ինչ որ գտաւ շատ լայն արձագանգ:
Անգարայէն եւ Պաքուէն բուռն բողոքներ. բառերը չեն կրնար փոխել պատմութիւնը: Երեւան ողջունեց Ուաշինկթընի կողմէ առնուած քայլը:
Էրտողանի եւ Ալիեւի միջեւ հեռախօսազրոյց: Փաշինեան շաբաթավերջին խօսեցաւ Փութինի եւ Մաքրոնի հետ:

ՆՈՐ ԱԶԴԱՆՇԱՆՆԵ՞Ր

Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն ժամանակ այս տարի աւելի ընդգծուած ձեւով ակնարկութիւններ կատարուեցան Հարաւային Կովկասի իրադրութեան եւ տարածքաշրջանային հեռանկարներուն:
Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէ. «Մենք կը փափաքինք անցնիլ Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման ճանապարհով»:

ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ ԵՒ ԵՌԱԲԼՈՒՐ

Հայաշխարհը այս 24 Ապրիլին ցեղասպանութեան սրբադասեալ նահատակներու բարեխօսութեան հայցին հետ ընդելուզած է Արցախի երկրորդ պատերազմի զոհերու սուգը:
Հայոց Մեծ Եղեռնի 106-րդ տարելից:
Անժամանցելի վիշտին նկատմամբ հաւատարմութեան սահմանումները կը բիւրեղանան Հայաստանի Հանրապետութեան յաւերժութեան համար պայքարով՝ երաշխաւորուած գոյութիւնով, համախմբման ընդունակութիւնով, նաեւ որպէս ինքնիշխան պետութիւն, միջազգային ուրոյն դերակատար, խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ համագործակցութեան միջավայրով հանդերձ:

ՆՈՒՐԲ ՇՓՈՒՄ

Էրտողան-Պայտըն ուշագրաւ ժամկէտով հեռախօսազրոյց մը:
Անգարայի եւ Ուաշինկթընի հաղորդումներուն մէջ որեւէ ակնարկութիւն չկայ հայկական հարցին: Երկու ղեկավարները ժամադրուեցան ՆԱԹՕ-ի մօտալուտ գագաթաժողովի օրերուն հանդիպելու համար:
«Reuters» եւ «Bloomberg» Սպիտակ տան աղբիւրներուն յղում ընելով արձագանգ հանդիսացան պաշտօնապէս հրապարակուածներէն յաւելեալ մանրամասնութիւններու, ըստ որոնց ամերիկեան կողմը տեղեկացուցած է հայոց տեսակէտներուն ընթացք տալու մտադրութեան մասին:

ՀԲԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԿԼՈՊԱԼ ՈՒՂԵՐՁԸ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան վերջին օրերուն հանդէս եկաւ համաշխարհային պատգամով մը։ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի աղբիւրները 15 ապրիլին հրապարակեցին այդ պատգամը։

ԵՐԵՒԱՆԻ «ԿՈՄԻՏԱՍ» ՍԵՆԵԿԱՅԻՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ ՄԸ

Ապրիլի 24-ի այս տարուայ ոգեկոչումներու ծիրէն ներս, երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական համերգ մը։ Այսպէս, «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ հանդէս եկան Հայաստանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբը եւ Պետական ակադեմական երգչախումբը։

Էջեր