«ՎԵՐԱԻՄԱՍՏԱՒՈՐԵԼ ԲԱՌԵՐԸ…»
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Անցեալ տարիներու փորձառութիւնը եւ յատկապէս՝ համավարակն ու պատերազմը շատերս ստիպեցին վերանայիլ բազմաթիւ գաղափարներ եւ հասկացութիւններ։ Թուարկեմ անոնցմէ քանի մը հատը՝ «համամարդկային արժէքներ», «ժողովրդավարութիւն», «ազատականութիւն», «յառաջդիմութիւն-պահպանողականութիւն», «խաղաղութիւն», «հաշտութիւն»…։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակով ամիսներէ ի վեր քաոսի մը հանդուրժելէ վերջ Հայաստանի ղեկավարութիւնը որոշեց 20 յունիսին արտահերթ ընտրութեան երթալ:
Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած Հայ ազգային քոնկրէսը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ արտահերթ ընտրութիւն իրականացնելու որոշման կապակցութեամբ։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը։
Ամերիկեան «Stratfor» հեղինակաւոր պարբերականը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ կանխահաս ընտրութիւն կազմակերպելու համար առնուած որոշման։ Այսպէս, ըստ վերլուծութեան, եթէ Փաշինեան պնդէ ու շարունակէ պաշտօնավարել, ինչ որ առաւել հաւանական է, ապա ընտրութիւններու կատարուիլը ընդդիմութեան բողոքը թէժացնելու ռիսքեր կը յառաջացնէ։
«Հայկական հանրագիտարան» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի Հանրագիտարանը։ Երեւանի մէջ, այս առաւօտ, «Հայեացք» մամլոյ ակումբի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ասուլիս մը, որու ընթացքին ծանօթացուեցաւ «Յովհաննէս Թումանեան Հանրագիտարան»ը։
Քաղաքական անվերջ տագնապի պայմաններուն ներքեւ այսօր նախատեսուած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Գագիկ Ծառուկեանի հանդիպումը:
Ըստ Սերկէյ Շոյկուի, հրադադարէն վերջ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութիւն կրնայ հաստատուիլ:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Կիւմրիի մէջ բնակարանաշինութեան ծրագրի մը հետամուտ եղած է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, մարտի 19-ին պաշտօնապէս մեկնարկած այս ծրագրի վերջնաժամկէտը յառաջիկայ օգոստոսն է։