ՍԿԶԲՈՒՆՔԸ ԵՒ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆԸ
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները կը մնան անձեռնմխելի: Վարչապետի յայտարարութիւնները չեն արդարանար դաշտի վրայ: Գերիներու փոխանակման ծիրէն ներս Ատրպէյճանին վերադարձուեցաւ՝ Արցախի մէջ անչափահաս մը սպաննած երկու սահմանախախտ դատապարտեալ: Երէկ երեկոյեան ժամերուն Երեւան հասաւ 44 ռազմագերի: