ԿԱՏՈՒՆ ՈՍՏԻԿԱՆԱԿԱՆ ԲԱԺՆԻ ՂԵԿԱՎԱՐ
Ճաբոնի մէջ Քոքօ անունով կատուն մէկ օրով նշանակած են ոստիկանութեան բաժնի ղեկավար։ Այսպէս, Ճաբոնի մէջ Քոքօ անունով կատուն մէկ օրով նշանակուած է Տոիամա քաղաքի ոստիկանութեան բաժանմունքի ղեկավար՝ փրկելու համար տեղւոյն բնակիչներէն մէկուն կեանքը:
Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջազգային փոխադրութեան միջանց մը ստեղծելու ուղղեալ աշխատանքներ:
Փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ատիլ Քարաիսմաիլօղլու յայտնեց, որ Ատրպէյճան սկսած է դէպի Նախիջեւան ճանապարհի մը շինարարութեան։ Ըստ նախարարին, սա պէտք է աւարտի կարճ ժամկէտներու մէջ։
Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Արման Թաթոյեան համատեղ այցելութիւն մը տուին Սիւնիքի մարզ:
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան վերջին օրերուն դարմանման տակ կը գտնուի՝ վարակուած ըլլալով քորոնաժահրով։ Առաջին նախագահի գրասենեակը երէկ մանրամասնութիւններ հրապարակեց Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի բուժման ընթացքին շուրջ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հայկական թատրոնին համար միշտ այժմէական է «Սասունցի Դաւիթ»ը եւ հայ թատերասէրները միշտ նորովի հետաքրքրութեամբ կը հետեւին անոր ներկայացումներուն։ Հերթական բեմադրութիւնները երբեք չեն ձանձրացներ հանդիսատեսը։
Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը ներկայ ամսուայ սկիզբին հիւրընկալած է Կովկասի մահմետականներու հոգեւոր առաջնորդ, Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէն։ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպումը, ինչ որ արձագանգ գտած է նաեւ հայկական լրատուամիջոցներուն մօտ։
Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Հաղորդակցութեան բաժանմունքին կողմէ նախաձեռնութիւն:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան հայ գերիները կ՚օգտագործէ՝ որպէս խաղաքարտ։