ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄ
Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալեց Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը, որ այցելեց Հայաստան։
Մոսկուա շահագրգռուած է Երեւանի հետ ռազմավարական համագործակցութեան զարգացման ուղղեալ ծրագրերը շարունակելով։
Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալեց Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը, որ այցելեց Հայաստան։
Մոսկուա շահագրգռուած է Երեւանի հետ ռազմավարական համագործակցութեան զարգացման ուղղեալ ծրագրերը շարունակելով։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ 2020 թուականը շատ ծանր թուական մըն էր թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ ամբողջ աշխարհին համար։ Բայց եւ այնպէս, ըստ իրեն, Թուրքիա կարողացած է մեծ յաջողութիւններու հասնիլ Ատրպէյճանի եւ Լիպիոյ մէջ։
2021 թուականի սկիզբի դրութեամբ կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի ունեցան բնական կազի փոխադրութեան բնագաւառէն ներս։ Երէկ, Անդրադրիական (TAP) կազամուղ խողովակաշարի օգտագործումը սկսաւ պաշտօնապէս։ Այս խողովակաշարով Ատրպէյճանի բնական կազը կը փոխադրուի դէպի Եւրոպա։
Մոսկուա կ՚ամրապնդուի տարածքաշրջանէ մը ներս, ուրկէ ժամանակին կը փորձէին զինքը դուրս մղել:
Հիւսիսային Սուրիոյ եւ Կովկասի միջեւ բոլոր տեսակի իրավիճակներու կանխատեսման համար մեծ առաւելութիւն:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան տարեմուտի առթիւ հանդէս եկաւ պատգամով մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի եւ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Այվազեան եւ Լաւրով անդրադարձան երկկողմանի օրակարգի շարք մը հարցերուն։
Ամանորի գիշերը Ջաւախքէ ներս պատահեցաւ ցաւալի դէպք մը։ «www.tert.am»ի հաղորդումներով, Ամանորի գիշերը Ախալքալաքի մէջ 33 տարեկան հայ երիտասարդ մը սպաննուեցաւ։ Շրջանի բնակիչներէն մին յիշեալ աղբիւրին տեղեկացուց, որ տեղի ունեցած է բանավէճ մը, որուն յաջորդած է կրակոց մը։
Իմ գիտակից ամբողջ տարիքին, վաղ մանկութենէն սկսեալ, այս օրերուն տեսակ մը ոգեւորութիւն կը զգայի՝ շուտով Նոր տարի է, կ՚ըլլան նուէրներ, կը հանդիպիմ ընկերներուս, բարեկամներուս, դպրոց (համալսարան, աշխատանք) չ՚ըլլար, հանգիստ կը տրուիմ գիրքերուն։ Այդպէս էր ամէն տարի։
Պատգամ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տարին կը բացուէր բաւական ծանրակշիռ դէպքով մը։ Պաղտատի մէջ կը սպաննուէր Իրանի «Ալ Քուտս» փաղանգի հրամանատար զօրավար Քասըմ Սուլէյմանին։
Օրին լրատուական ծառայութիւններ, որոնք մեծ կարեւորութեամբ ներկայացուցին դէպքը՝ նշեցին նաեւ, որ Սուլէյմաննիի սպանութեան դէպքը սկիզբն էր միայն այն «գրոհ»ին, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի կատարէր Իրանի դէմ։