ԱՆԳԱՐԱ ԵՒ ԱԹԷՆՔ ԴՐԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐՈՒ ՀԵՏԱՄՈՒՏ
Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ բանակցութիւններու հերթական փուլը երէկ տեղի ունեցաւ Աթէնքի մէջ։ Միջերկրականի արեւելքին անցեալ ամառ ծագած տագնապէն վերջ երկու հարեւաններուն միջեւ երկխօսութիւնը վերսկսած է՝ երկար ընդհատումէ մը վերջ։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդը երէկ արտահերթ ժողով մը գումարեց հեռավար դրութեամբ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի գլխաւորութեամբ ծաւալուեցան առցանց քննարկումները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէն, որ կ՚իրականացնէ տարածքաշրջանային ուղեւորութիւն մը։
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ այսօր ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Հարաւային Կովկաս։ Ան նախապէս յայտարարած էր, որ պիտի այցելէ Պաքու եւ Երեւան՝ խորհրդակցելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն եւ իր յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ։
Անգարայի մէջ վաղը պիտի նշուի Մոսկուայի պայմանագրի ստորագրման 100-ամեայ յոբելեանը։ 16 մարտ 1921 թուականին Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ստորագրուած կարեւոր փաստաթուղթ մըն է այս մէկը։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Վլատիմիր Փութին վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ:
ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 46-րդ նստաշրջանին հրապարակուեցաւ Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանի յատուկ ձեւաչափով տեսաուղերձը։ Նման հնարաւորութիւն կ՚ունենան բացառապէս A միջազգային կարգավիճակով օժտուած մարդու իրաւանց ազգային հաստատութիւնները։